Back

2021 Պահքի Շրջանին, «Հոգիի Համար Ապուր» Խորագրով Դրամահաւաք

Սրտի անհուն գոհունակութեամբ կը յայտարարենք, որ 2021 թուականի Մեծ Պահքին տեղի ունեցած «Հոգիի Համար Ապուր» դրամահաւաքը յաջողութեամբ պսակուեցաւ:

Ապուրի վաճառքէն ձեռք բերուած 2100 տոլարի հասոյթը, պիտի յատկացուի Օթթաուայի Հայ Տունի վերանորոգմանը:

850 տոլարի նուիրատուութիւնները նոյնպէս պիտի տրամադրուին Օթթաուայի Հայ Տունի վերանորոգմանը:

765 տոլարի ՆԱՅԻՐԻ պղպեղի մածուկի վաճառքով հաւաքուած գումարը՝ կը տրամադրուի Արցախեան պատերազմի ժամանակ տեղահանուած ընտանիքներուն:

Շնորհակալութիւն Օթթահայ համայնքին, որ անընդհատ նեցուկ կը կանգնի ու կ’օժանդակէ մեզի մեր բոլորին Հայ Տուն-ը վերանորոգելուն: Միասին մենք պիտի կերտենք եւ բարելաւենք մեր նոր բոյնը:

Այս առիթով Ծխական խորհուրդն իր խորին երախտագիտութիւնը կը յայտնէ՝ հայկական աւանդական բաղադրատոմսերով եւ Հայ տիկնոջ վարպետութեամբ համեմուած, ախորժահամ ու տնական ապուրներ պատրաստելու գործին իրենց անմիջական մասնակցութիւնը բերող հետեւեալ Ազնուափայլ տիկիններուն՝ Մարի Աղազարեան, Հուրի Աւետիսեան, Տալիտա Պոյաճեան, Արփի Գարամանուկեան, Օսան Գարամանուկեան, Ռիթա Գարամանուկեան, Անահիտ Մարգարեան եւ Ալին Թաշճեան։

Նոյնպէս շնորհակալութիւն կը յայտնենք Հայ Ուսանողներու Միութեան անդամներուն, որոնք չնայած այն օրուան ձիւնոտ ծանր եղանակի պայմաններուն, չզլացան ու ապուրները բաշխեցին: Անոնց արարքը երիտասարդական երանգով համեմեց ու վառ եռանդ յղեց մեր դրամահաւաքին: Կեցցէք՝ Ռաֆֆի եւ Վարուժ Աւետիսեաններ, Արման Պերտմազեան, Վրէժ Պոյաճեան, Յովհաննէս եւ Արփինէ Գասպարեաններ, Սարին Գարամանուկեան, Շաթին եւ Տեսիլ Թաշճեաններ։

Վերջ ի վերջոյ, շնորհակալութիւն նաեւ համայնքի բոլոր անդամներուն, որոնք քաջալերեցին ու գնեցին ապուրներն ու պղպեղի մածուկը, ինչպէս նաեւ իրենց սրտաբուխ նուիրատուութիւններով աջակցութիւն բերին՝ թէ Հայ Տուն-ին եւ թէ Արցախի պատերազմին տեղահանուած ընտանիքներուն:

Թող միասնաբար մեր ուժը հզօրանայ եւ միասին կեանքի ելեւէջները, մինչեւ համաճարակը դիմադրող բռունցք դառնանք: