Back

Յուղարկաւորութիւն

Չնայած որ յուղարկաւորութիւնը ըստ Հայ եկեղեցւոյ եօթը խորհուրդներէն մէկը չէ, սակայն այն եկեղեցւոյ կեանքէն ներս, ծիսակատարութիւններու կարգին, իր յատուկ տեղն ունի: Յուղարկաւորութիւնը եւ թաղման արարողութիւնը, ըստ Եկեղեցւոյ (Աստուծոյ ժողովուրդի), մահով մարմինէն հոգիի հեռացման խորհրդաւոր պահին կատարուող արարողութիւններն են:

Երբ ընտանիք մը հանդիպի սիրելի մը կորուստի դժբախտութեան, յուղարկաւորութիւնը կարգաւորելու մանրամասնութիւնները շատ ծանր ու վշտալի կը թուան: Երբեմն կը պատահի, որ ընտանիքներ այսպիսի ցաւալի փորձութենէ անցած չեն ըլլար, եւ յանկարծակիօրէն դժուար իրավիճակի մէջ կը յայտնուին ու իրենք զիրենք մինակ կը զգան իրենց վշտի հետ: Երբ կորուստի դժբախտ եղելութեան հադնիպիք, անպայման հեռայաձնեցէք Ձեր քահանային, ով Ձեզի կը մխիթարէ եւ կ’օգնէ անհրաժեշտ պայմանաւորուածութիւնները ձեռք բերելուն: Յուղարկաւորութիւն մը կազմակերպելու համար անհրաժեշտ է կապ պահել երկու կարեւոր կողմերու հետ՝ Եկեղեցւոյ (արարողութիւններուն համար) եւ մեռելատան (թաղման մանրամասնութիւններուն համար):

Տան Կարգը
Յուղարկաւորութեան նախորդ երեկոն, կը կատարուի Տան կարգի ժամերգութիւնը, Հայ եկեղեցւոյ ծիսական գրքի համաձայն: Ժամերգութիւնը կարելի է կատարել հանգուցեալի տան, կամ մեռելատան սրահին մէջ: Այնուամենայնիւ, մեր ծուխէն ներս, եկեղեցւոյ մէջ Տան Կարգի արարողութիւնն ընդունելի եւ խրախուսելի է: Ոմանց կարծիքով Եկեղեցւոյ մէջ Տան Կարգի արարողութիւնը աւելի տպաւորիչ եւ խորհրդաւոր մթնոլորտ կը ստեղծէ:

Ննջեցեալի մարմինը մինչեւ յաջորդ առաւօտ Եկեղեցին կը մնայ` յուղարկաւորութեան արարողութեան համար: Ժամի եւ այլ մանրամասնութիւններու մասին՝ կարելի է քննարկել քահանայ հօր հետ ու կարգաւորել ըստ հանգուցեալի ցանկութիւններուն եւ ընտանիքի խնդրանքին: Տեղին է նշել, որ մեռելատուներու սրահները կարելի է օգտագործել միայն Տան Կարգի արարողութեան համար:

Յուղարկաւորութիւն եւ Թաղման Կարգ
Տան կարգի Յաջորդ օրը եկեղեցւոյ սուրբ անդաստանէն ներս կը կատարուի յուղարկաւորութեան յատուկ արարողութիւնը, որմէ ետք թաղման թափորով կ’ուղուին դէպի գերեզմանատուն, ուր կը կատարուի թաղման եւ գերեզմանը գոցելու արարողութիւնը: Երբ պայմանաւորուելու համար հանդիպիք մեռելատան տնօրենին, խորհուրդ կու տանք հետեւեալի մասին քննարկել անոր հետ՝

1. Գերեզմանատան եւ գերեզմանի ընտրութիւնը: Եթէ ընտանիքն արդէն գերեզմանատան հող ունի, մեռելատան տնօրենին անհրաժեշտ է այդ հողի պատկանելութեան փաստաթուղթը:

2. Մեռելատան տնօրենը հանգուցեալի մասին հարցումներ կը հարցնէ: Այս հարցերու շարքին կ’ըլլան ննջեցեալի անունը, հասարակական ապահովագրութեան թիւը, ծննդեան թուականը եւ վայրը, հօր անունը, մօր անունը, բնակութեան վայրը, ընտանեկան կարգավիճակը եւ այլն:

3. Դագաղի ընտրութիւնը:

4. Յաւելեալ բաներ, որոնք Դուք կարող էք ուզել օգտագործել՝ պերճակառքեր, դագաղակիրներ, թերթերու ծանուցագրեր, մահուան վկայագրի պատճեններու քանակը ըստ Ձեր պահանջին եւ այլն:

5. Ծաղկեպսակներու կապակցութեամբ կարելի է կարգաւորել ծաղկավաճառի միջոցով: Խստօրէն կը յորդորուի ծաղիկներու օգտագործումը հասնի նուազագոյնին: Փոխարէնը կ’առաջարկուի եկեղեցիին կամ այլ բարեգործական կազմակերպութեան մը հանգուցեալի յիշատակին նուիրատուութիւն տալ:

Նուիրատուութիւն Փոխան Ծաղկեպսակի
Սիրելիի մը յիշատակին բարեգործական կազմակերպութեան նուիրատուութիւն կատարելը գովելի աւանդոյթ է մեր հասարակութեան մէջ: Հարազատներն ու բարեկամները սովորաբար իրենց սրտաբուխ նուիրատուութիւնները կը կատարեն հանգուցեալի ընտանիքի կողմէն նշուած հաստատութեան: Ընտանիքներուն կը խրախուսուի Օթթաուայի Սուրբ Մեսրոպ Հայց. Առաք. եկեղեցին առաջարկել «փոխան ծաղկեպսակի» նուիրատուութիւններուն համար, որուն համար եկեղեցին յատուկ ծրարներ պատրաստած է նուիրատուներուն յարմարութիւն ապահովելու կապակցութեամբ: Նուիրատուներու ցուցակը ի պատշաճի կը փոխանցուի հանգուցեալի ընտանիքին:

Հոգեհանգստեան Արարողութիւն
Հոգեհանգստեան արարողութիւնը՝ Հայ Եկեղեցւոյ հնագոյն աւանդութիւններէն մէկն է, ուր Սուրբ Պատարագի ընթացքին կը յիշուին երկրային կեանքէն հեռացած մեր սիրելիներու անունները: Եթէ կը ցանկանաք Հոգեհանգստեան պաշտօն խնդրել, ապա հեռաձայնեցէք քահանային կամ եկեղեցւոյ գրասենեակը: Սովորաբար, Հոգեհանգստեան պաշտօն կը խնդրուի Քառասունքի մը առիթով (սիրելիի մը մահէն քառասուն օր անց զուգադիպող Կիրակին): Արարողութիւնը կարելի է խնդրել նաեւ Տարելիցի առիթով`մահուան տարելիցի օրը, կամ ալ որեւէ այլ առիթով, երբ անցը կը ցանկանայ աղօթել ննջեցեալ իր սիրելիներու հոգիներուն համար:

Ծուխի անդամներէն կը խնդրուի Պատարագէն մէկ օր առաջ դիմել քահանային կամ Ծխական Խորհուրդի անադամներէն մէկուն Հոգեհանգստեան պաշտօն խնդրելու նպատակով Ձեր անունը արձանագրելու համար:

Յիշատակութիւն եւ Նուէրներ
Սիրելիի մը յուշը անթառամ պահելու միջոցներէն մէկը անոր յիշատակին կատարուած նուիրատուութիւնն է: Պատարագի հանդերձանքներն ու անօթները, Պատարագամատոյց գիրքերը, գրասենեակային իրերը եւ այլն, կարող են յիշատակը վառ պահելու լաւագոյն միջոցը հանդիսանան, որուն համար ալ համապատասխան յուշատախտակ կամ գրութիւն կը տեղադրուի նուիրատուի ցանկութեամբ: Կը խնդրենք նման ծրագրեր քննարկել քահանայի կամ Ծխական խորհուրդի ատենապետի հետ:

Կը խնդրենք նկատի առնել, որ իւրաքանչիւր նուիրատուութեան դիմաց կը ստանաք տուրքէ զուրկ ստացական:

Կտակներ եւ պատգամներ
Ձեր կտակը պատրաստելու ժամանակ` Ձեր կամ Ձեր փաստաբանի կամ նոտարի օգնութեամբ, բարձր գնահատելի եւ խրախուսելի է Եկեղեցին եւս յիշել որպես նպաստընկալ: