Back
HOM logo

ՀՕՄ-ի Օթթաուայի «Սեւան» մասնաճիւղը

Օթթաուայի ՀՕՄ-ի «Սեւան» մասնաճիւղը հիմնադրուեցաւ 29 Մայիս, 1993-ին՝ 7 անդամներով, ներկայիս ունի 39 անդամ: Օթթաուայի մասնաճիւղը՝ Գանատայի մէջ ՀՕՄ-ի 10 մասնաճիւղերէն մէկն է: Անկախ, ոչ կառավարական եւ ոչ աղանդական կազմակերպութիւն մը, որ 26 զանազան երկիներու անդամակցութեամբ մարդասիրական օգնութիւն կը հայթայթէ ճգնաժամի մէջ յայտնուած գաղութներուն՝ թէ տեղական եւ թէ միջազգային, ինչպէս եւ թէ հայկական եւ թէ ոչ հայկական:

ՀՕՄ-ը Մայրէնի լեզուն ու մշակոյթը կը քաջալերէ՝ աջակցելով Օթթուայի Հայ Մշակութային Միութեան եւ Օթթուայի Հայ Մշակութային Հիմնադրամի հայկական «Արարատ» դպրոցին: Նոյնպէս կ’աջակցի Օթթուայի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութեան եւ Օթթուայի Սուրբ Մեսրոպ Հայց. Առաք. Եկեղեցիին:

Ան կը քաջալերէ համայնքներու կրթական, հասարակական, առողջապահական եւ բարօրութեան հետ առնչուած առաքելութիւննրը:

Ան կը նպաստէ Գանատահայ համալսարանական ուսանողներու ուսումնաթոշակներու ծրագիրներուն, ինչպէս նաեւ Սօսէ մանկա-պատանեկան կեդրոնին: ՀՕՄ-ը նաեւ միջոցներ կը հայթայթէ աջակցելու՝ Մայր Հայաստանի, Երեւանի, Ջաւախքի եւ Լոռիի մէջ ամառնային երիտասարադական ճամբարներ իրականացնելու ծրագիրներուն, որ կը նպաստէ Իրաքահայերուն եւ Սուրիահայերուն ուտեստեղէն մատուցելու ծրագիրներուն, Մայրանոցին, Տեսիլք 2020-ին: Ան նաեւ կը հովանաւորէ ուսանողներուն եւ որբերուն, կ’օժանդակէ վիրաւոր զինուորներուն, բնական աղէտներէ յառաջացած ճգնաժամերու մէջ յայտնուածներուն (Ֆորդ Մէքմերիի արկածը, Պրիթիշ Գոլոմպիոյ հրդեհները, Օնթարիոյ եւ Քէպէք նահանգներու հեղեղները, Օթթաուայի եւ Կադինօյի փոթորիկները):

Նոյնպէս իր անդամներուն կը քաջալերէ օժանդակել տեղական կազմակերպութիւնները՝ օրինակ Գանատայի Կարմիր Խաչը, Քաղցկեղի Գանատական միութիւնը, Սրտի եւ Կաթուածի հիմնադրամը, Օնթարիոյ Արեւելեան շրջանի Մանուկներու հիւանդանոցը, թշուառ կանանց ապաստարանը, եւ այլն:

ՀՕՄ-ի Օթթաուայի «Սեւան» մասնաճիւղ
Թալին Շիրիկճեան Պանտաք
152 Marcel-Chaput, Gatineau, QC, J9A 3B3
Հեռ՝ (819) 595-4865
էլ. հասցէ՝ bandektalin@hotmail.com
Կայքէջ՝ www.ars-canada.ca

Խորհուրդի անդամներ՝
Թալին Շիրիկճեան Պանտաք – ատենապետուհի
Փաթրիսիա Մուաքէլ Մէքլնիս – փոխատենապետուհի
Նեկտար Պատաշեան Զագարեան – գանձապահ
Մարալ Գալուստեան Գատէհճեան – քարտուղարուհի
Վանտա Սաղճեան – խորհրդական
Գոհար Փոլիմենաքոս – խորհրդական
Ռիթա Շիրիկճեան Գարաճերճեան – խորհրդական