Back

Սուրբ Պսակի Խորհուրդը

Սուրբ Պսակը Հայց. Առաք. եկեղեցւոյ խորհուրդներէն մէկն է, որմով այր ու կին իրենց կեանքի բոլոր օրերուն միմեանց հաւատարիմ ըլլալու պաշտօնապէս իրենց երդումը կու տան Աստուծոյ առջեւ, քահանայի եւ ժողովուրդի ներկայութեամբ: Անոնք Սուրբ Եկեղեցւոյ միջոցով կը դառնան մէկ ամբողջութիւն ու կը ստանան Աստուծոյ օրհնութիւնը:

Սուրբ Պսակի արարողութիւնն ունի ծիսական եւ խորհրդանշանական բովանդակութիւն: Արարողութեան ընթացքին տեղի ունեցած իւրաքանչիւր արարք իր յատուկ իմաստն ու նշանակութիւնը ունի: Երբ քահանայի ձեռամբ մատանիները կ’օրհնուին հարսն ու փեսան իրար մատին դնելով կը յայտարարեն, որ այդ պահէն սկսեալ սկիզբ կ’առնէ իրենց միասնական կեանքի ճանապարհը: Մէկը միւսին ամբողջացնելով միասնականութիւն մը կը ստեղծուի: Երդուելու պահին եւ ընդհանրապէս արարողութեան ընթացքին, հարսն ու փեսան իրար աջ ձեռքերը կը բռնեն՝ ի խորհրդանիշ անոնց «միասնութեանը»:

Պսակի արարողութեան գլուխգործոց պահը թագադրումն է: Թագը փառքի եւ պատուի այն նշանն է, որով Աստուած անոնց կը պսակէ արարողութեան ընթացքին: Թագերու երեք գոյները՝ ճերմակը, կանաչը եւ կարմիրը, համապատասխանաբար կը խորհրդանշեն մաքրութիւնը, որով զոյգը կը մօտենայ արարողութեան, նոր կեանքը, որ ամուսինները միասին պիտի սկսին ապրիլ, եւ ամէն մէկուն բաժին ինկած զոհաբերութիւնը: Փեսան եւ հարսը թագադրուելով իրենց փոքրիկ թագաւորութեան՝ նորաստեղծ տան թագաւորն ու թագուհին կը դառնան, այն օճախը որ իմաստութեամբ, արդարութեամբ, ազնուութեամբ եւ հաւատարմութեամբ երկուքով պիտի պահեն: Թագադրման արարողութենէ ետք կը հասնի գինիի գաւաթի օրհնութիւնը՝ ի յիշատակ Գալիլեայի Կանա քաղաքի մէջ կայացած ամուսնութեան, ուր Յիսուս Քրիստոսի Իր ներկայութեամբ օրհնեց: Միեւնոյն գաւաթէն խմելը կը խորհրդանշէ հարսի ու փեսայի ըմբռնումը, որ այդ պահէն սկսեալ՝ անոնք պարտաւոր են կիսուիլ կեանքի թէ ուրախութիւնները եւ թէ դառնութիւնները:

Արարողութեան աւարտին քահանան կ’օրհնէ զոյգին, Քրիստոս Աստուծմէ կը խնդրէ «խաղաղութեամբ պահէ ու պահպանէ անոնց իր պատուական սուրբ Խաչի հովանու ներքոյ»: Այսպիսով զոյգին կը փոխանցուի Աստուծոյ օրհնութիւնը, որպէսզի միասին ապրին Իր սիրոյ մէջ՝ միասնականութեամբ եւ իրար ամբողջացնելով:

Սուրբ Պսակի կարգադրութիւնները
1. Հնարաւորինս շուտ հեռաձայնեցէք քահանային՝ թուականը որոշելու համար: Այս Ձեր առաջին քայլը պետք է ըլլայ նախքան որեւէ այլ պայմանաւորուածութիւն, քանի որ տարուայ ընթացքին որոշ օրեր եւ ժամանակաշրջաններ կան, որոնց ատեն Պսակի արարողութիւն չի կրնար տեղի ունենալ: Քահանան Ձեզի կ’օգնէ հարմար թուական մը ընտրելու, ինչպէս եւ Ձեզի հետ կը պայմանաւորուի պսակի նախապատրաստական խորհրդակցութեան ու պսակի հետ առնչուող հարցերը քննարկելու համար:

2. Հայց. Առաք. եկեղեցիէն ներս Սուրբ Պսակի Խորհուրդը հասանելի է միայն մկրտուածներուն: Անհրաժեշտ է զոյգի մկրտութեան վկայականները, եթէ անոնք ծուխի տոմարներուն մէջ արձանագրուած չեն:

3. Եթէ ամուսնացող զոյգէն մէկը քրիստոնեայ չէ, ապա Պսակի խորհուրդը չի կրնար կայանալ մինչեւ անոր մկրտուիլն ու դրոշմուիլը (տե՛ս նախորդ բաժնի չափահասներու մկրտութիւնը): Քահանան մանրամասն կը բացատրէ այս եւ այլ տարբերակներու վերաբերեալ:

4. Եթէ ամուսնացող զոյգէն մէկը մկրտուած է, բայց Ուղղափառ Քրիստոնեայ չէ, խորհուրդ կը տրուի, որ ան Ուղղափառ եկեղեցւոյ անդամ դառնալու կապակցութեամբ Դրոշմի արարողութեան միջոցով ընդունի զայն: Քահանան կը բացատրէ ինչ պետք է ըլլայ:

5. Հայց. Առաքելական եկեղեցւոյ ուսուցումներով, միայն մէկ ամուսնութիւնով Քրիստոսի հռչակած միասնութիւնը կը հաստատուի: Բայց եւ այնպէս, Եկեղեցւոյ աւանդութեան համաձայն նաեւ հնարաւոր է երկրորդ ամուսնութիւն մը այն մարդկանց համար, որոնք չեն կարողացած հասնիլ Յիսուսի ուսուցանած իդէալական միասնութեան: Եթէ ամուսնացող զոյգէն մէկը կամ երկուսը օրինական ամուսնալուծուած են, ամուսնալուծութիւնը հաստատող դատարանի վճռի պատճենը պետք է ներկայացուի քահանային: Ամուսնացողներուն հետ հարցը քննարկելէն ետք քահանան թեմի առաջնորդէն կը խնդրէ`յատուկ թոյլտուութիւն, որպէսզի Սուրբ Պսակի խորհուրդի արարողութիւնը կատարուի:

6. Պսակի արարողութիւնը կը կատարուի միայն Եկեղեցւոյ սուրբ կամարներուն տակ: Ոչ Ուղղափառ եկեղեցւոյ, տան կամ որեւէ այլ վայրի մէջ պսակադրուիլն ընդունելի չէ, բացառութեամբ այն պարագային երբ մօտակայքը հայկական եկեղեցի չիկայ ու միայն թեմի առաջնորդի թոյլտուութեամբ:

7. Նահանգի օրէնքներով սահմանուած բոլոր քաղաքացիական պայմանները պետք է յարգուին, անոր համար բոլոր անհրաժեշտ փաստաղուղթերը պսակէն առաջ պետք է քահանային ներկայացուին:

8. Խաչեղբայրը (կամ քաւորը) եւ հարսնքոյրը պետք է մկրտուած քրիստոնեաներ ըլլան: Կարելի է առաջանան որոշ սահմանափակումներ, որոնց մասին քահանան կը բացատրէ: Պսակի արարողութեան մնացած մասնակիցները պարտադիր չէ, որ Ուղղափառ դաւանանքի անդամներ ըլլան:

9. Քահանան կը կազմակերպէ երգեհոնահարի, շարական երգողի եւ սարկաւագի ներկայութիւնը: Եթէ կը ցանկանաք արարողութեան ժամանակ իւրայատուկ անձի մը մասնակցութիւնը, այդ մասին ազատօրէն կարող էք քննարկել քահանայի հետ:

10. Փորձի համար՝ նախապէս պայմանաւորուած օրին պետք է ներկայ ըլլան հարսնեւորներու խումբը:

11. Քահանան նաեւ կը բացատրէ, թէ ինչ սահմանափակումներ կան երաժշտութեան, ծաղիկներու, լուսանկարիչներու եւ տեսանկարահանողի նկատմամբ (օրինակ ՝ լուսանկարիչը չի կրնար բարձրանալ Խորան աւելի լաւ անկիւնէ նկարելու համար):

Նշանախօսութեան արարողութիւն
Այն Հայ եկեղեցւոյ ծիսակատարութիւններու գրքի մէջ նշանախօսութեան մատանիներու օրհնութեան արարողութիւնն է: Շատ հակիրճ արարողութիւն մը, որ «նշանդրէքի, նշանադրութեան կամ նշանախօսութեան արարողութիւն» կը կոչուի, երբեմն «Նշանտուք»: Երբ զոյգ մը ցանկանան պաշտօնապէս նշանուիլ, խորհուրդ կը տրուի հեռաձայնել քահանային եւ պայմանաւորուիլ մատանիներու օրհնութեան կապակցութեամբ: Արարողութիւնը կարելի է տեղի ունենայ ընտանեկան կամ հրապարակային, պաշտօնական կամ ոչ պաշտօնական պայմաններուն: