Back
Armenian-Students-Association-Logo

ՕԹԹԱՈՒԱՅԻ ՀԱՅ ՈՒՍԱՆՈՂՆԵՐՈՒ ՄԻՈՒԹԻՒՆ

Հայ Ուսանողներու Միութիւնը, ուսանողներու համար եւ անոնց ղեկավարութեամբ կը գործէ: Համալսարանական մթնոլորտէն ներս, այն նուիրուած է իր անդամներուն միջեւ փոխգործակցութեան ընդլայնմանն ու Հայաստանի մշակոյթի եւ պատմութեան մասին գիտելիքներ հայթայթելու գործունէութեանը:

Նոյնպէս այն Հայ մշակոյթի եւ Հայոց Պատմութեան մասին գիտելիքներն ընդլայնելու հնարաւորութիւն կու տայ ու Գանատայի մէջ հայ ուսանողական այլ միություններու եւ հայկական համայնքներու հետ կապ պահելու առիթ կ’ընծայէ:

Անդամակցութեան դռները միշտ բաց են Օթթուա-Կաթինո շրջանի որեւէ հետ-երկրորդական կրթական օճախի բոլոր ուսանողներուն համար, նոր անդամներու մասնակցութիւն մեզի համար հաճելիութիւն է: ASA- ի անդամ դառնալու համար որեւէ վճարում չկայ, եւ բոլոր հաղորդակցութիւնները հասանելի են Դիմատետրի մեր էջի միջոցով «Օթթուայի Հայ Ուսանողներու Միութիւն»:

Օթթաուայի Հայ Ուսանողներու Միութիւն
(Օթթաուայի համալսարան եւ Քարլթոն համալսարան)
Կայքէջ՝ www.facebook.com/OttawaAsa