Back

ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ

ՀՈԳԻՆԵՐՈՒ ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆ
Հայ Ուղղափառ Եկեղեցւոյ հնագոյն աւանդութիւններէն մէկն է Հոգեհանգիստը՝ հայերեն լեզուով ննջեցեալներու հոգիներուն խաղաղութեան համար մատուցուած արարողութիւնը: Ըստ մեր Եկեղեցւոյ ուսուցումններուն՝ «սթափ մտածելով, խիստ իմաստուն քայլ է աղօթելը ննջեցեալներուն համար, որպէսզի ազատուին իրենց մեղքերէն» (II Մակաբայեցիներ 12.43-45): Հանգուցեալ Ձեր սիրելիներու անունները Սուրբ Պատարագի ընթացքին կը յիշուին յատուկ աղօթքներով, իսկ Պատարագի աւարտին կը կատարուի յատուկ արարողութիւն: Եթէ կը ցանկանաք Հոգեհանգստեան պաշտօն խնդրել, ապա Սուրբ Պատարագէն առաջ կապ պահեցէք Ծխական Խորհուրդի անդամներէն մէկուն հետ:

Սովորաբար, Հոգեհանգստեան պաշտօն կը խնդրուի Քառասունքի մը առիթով (սիրելիի մը մահէն քառասուն օր անց զուգադիպող Կիրակին): Արարողութիւնը կարելի է խնդրել նաեւ Տարելիցի առիթով`մահուան տարելիցի օրը, կամ ալ որեւէ այլ առիթով, երբ անցը կը ցանկանայ աղօթել ննջեցեալ իր սիրելիներու հոգիներուն համար: