ՍՈՒՐԲ ԵՒ ԱՆՄԱՀ ՊԱՏԱՐԱԳ
ՍՈՒՐԲ ԵՒ ԱՆՄԱՀ ՊԱՏԱՐԱԳԸ
Եկեղեցւոյ մը Աստուածապաշտական արարողութիւններու գլուխ գործոցը Սուրբ Պատարագն է: Այն նաեւ կը կոչուի Խորհուրդ Գոհութեան (Holy Eucharist), որ Յունարէն բառ է ու «գոհունակութիւն» կը նշանակէ: Պատարագը շարականներու եւ աղօթքներու գեղեցիկ, բայց եւ այնպէս բարդ ծիսակատարութիւն է՝ խորհրդանիշներով և աւանդոյթներով լի: Հայ Եկեղեցւոյ Պատարագը, ըստ բազմաթիւ դպրագէտերու՝ ընդունուած է, որպէս անոր մասնակիցներուն համար, ամենաշատ գրաւիչ ու հոգեւորապէս յուզիչ ծեսերէն մէկը:
ԵԿԵՂԵՑԻ ՅԱՃԱԽԵԼ
Եկեղեցի յաճախելը անհատի հաւատքի կարեւոր դրսեւրումն է: Որպէս ճշմարիտ եւ բարեպաշտ քրիստոնեայներ, աղօթքով պետք է միանանք մեր հաւատակիցներու ամբոխին: Հետեւաբար, պետք է ջանք չխնայենք հնարաւորինս յաճախակի երթալու Եկեղեցի: Եթէ ինչ որ բարի նպատակի մը համար անհատը չի կրնար ամբողջ Պատարագին ներկայ գտնուիլ, ապա ան կարող է միայն մէկ մասին մասնակցիլ:
Փոքրիկ երեխաներ ունեցող մաս մը ծնողքներ կը տատամսին Եկեղեցական արարողութիւններուն գալու, մտածելով որ կարելի է երեխան լայ կամ չարաճճիութիւն ընէ եկեղեցւոյ մէջ ու իրենք ամօթով մնան: Կարիք չկայ երեխային խնամողի վարձք տալ: Երեխաններուն Ձեր հետ բերէք: Երեխայի ձայնն Աստծոյ ականջներուն մեղեդի կը թուայ:
ՍՈՒՐԲ ՊԱՏԱՐԱԳԻ ԸՆԹԱՑՔԻՆ ԿԱՐԳԱՊԱՀՈՒԹԻՒՆ
Հաւատացեալի մը համար Սուրբ Պատարագը անոր հոգեւոր կեանքի կարեւորագոյն մասն է: Եթէ որեւէ պատճառով, Պատարագի ընթացքին պետք է Մայր Եկեղեցի մտնէք կամ անկէ դուրս ելլէք, հաճէցէք Ձեր միտքը պահել հետեւեալ կանոնները՝
– Ներս երթալու կամ դուրս ելլելու ժամանակ փորձեցէք հնարաւորինս աղմուկ չհանել, որպէսզի միւս հաւատացեալները չխանգարուին,
– Սուրբ Եկեղեցւոյ դուռէն ներս մտնելու կամ դուրս գալու ժամանակ, կը խնդրուի Ձեր դէմքը դէպի Սուրբ Խորանը դարձնէք եւ խաչակնքէք՝ նախքան դուռի կամարն անցնիլը,
– Տէրունական աղօթքի (Հայր Մերի), Հաւատքի հանգանակի (Հաւատամքի) եւ Աւետարանի ընթերցման ժամանակ ելումուտէն զերծ մնացէք:
Հակառակ տարածուած համոզմունքին, Եկեղեցի գալու համար «հագուստի յատուկ ոճ» գոյութիւն չունի: Աստուծոյ համար Ձեր ներկայութիւնն է հետաքրքրական եւ ոչ թէ Ձեր փառահեղ հագուկապը:
Այնուամենայնիւ, կը խնդրուի բոլոր հաւատացեալներէն հագնիլ պարզ եւ պահպանողական: Պետք է խուսափիլ աչքառու հանդերձներէն կամ ուշադրութիւն գրաւող կամ մնացած հաւատաւորներուն անդորրը խանգարող հագուստեղէնի որեւէ տեսականիէն: Նախքան սրբավայր մտնելը անհրաժեշտ է անջատել բջջային հեռախօսները եւ բոլոր այլ ելեկտարական գործիքները՝ ինչպէս iPhone-ն ու Blackberry-ին:
ՄՈՄԱՎԱՌՈՒԹԻՒՆ
Ինչպէս բոլոր արեւելեան եկեղեցիները՝ Հայ եկեղեցւոյ նուիրական աւանդութիւններէն մէկն է մոմ վառելու գեղեցիկ սովորութիւնը: Այս արարքը քրիստոնէական հոգիի նուիրումի մասին կը խօսի, որպէսզի փայլի Աստուածային շնորհքներով, սուրբերու օրինակով եւ բարեխօսութեամբ:
Մոմերը Գաւիթէն կրնաք ձեռք բերել, ուր կարելի է նաեւ նուիրել Ձեր լումաները: Մոմը վառելու ժամանակ՝ անձը կը խաչակնքուի, կ’աղօթէ եւ կը խնդրէ եկեղեցւոյ սուրբերէն մէկուն բարեխօսութիւնը կամ ուղղակի Աստուծոյ կը դիմէ:
ԵՌԱՆԴՈՒՆ ՄԱՍՆԱԿՈՒԹՅՈՒՆ
Եռանդուն մասնակցութիւնը քրիստոնէական Աստուածապաշտութեան հիմքն է: Կրնաք Պատարագամատոյցի գրքոյկները գաւիթէն առնել ու Ձեր մասնակցութիւնն աւելի բովանդակալից ու հոգեւորապէս վարձատրելի դարձնել: Եթէ իսկապէս կը ցանկանաք «բան մը քաղել» Եկեղեցի յաճախելէն, ապա պետք է պատրաստ ըլլաք անկէ մաս կազմելուն: Ուղղակի Եկեղեցւոյ մէջ նստիլը բաւական չէ: Իւրաքանչիւրս անձամբ պետք է մասնակցի արարողութեանը: Խրախուսելի է գրքոյկի օգնութեամբ Պատարագի մասնակիցներու շարականներ երգելը կամ արձագանգելը:
ՀԱՄԲՈՅՐ ՍՐԲՈՒԹԵԱՆ
Սուրբ Պատարագի ընթացքին, քահանան Համբոյր Սրբութեամբ խաղաղութիւն կը փոխանցէ սարկաւագին, որ իր կարգին զայն կը փոխանցէ մի քանի հաւատաւորի (ընդհանրապէս ծխական խուրհուրդի անդամներուն): Անոնք ալ իրենց կարգին իրենց աջ ձեռքը իրենց կուրծքին (սրտին) դրած, իրենց գլուխները առջեւ մօտեցնելով, մաս մը հաւատացեալներուն կը մօտենան եւ նոյն բառերը փսփսալով կ’արտասանեն: Անոնք որոնք ստացան ողջոյնը, իրենց կարգին կը փոխանցեն իրենց կողքը գտնուող հաւատացեալին նոյն բառերը արտասանելով: Այս Ողջոյն կամ Համբոյր Սրբութեան կը կոչուի:
Համբոյր Սրբութիւն – Ողջոյնը Պատարագի մէջ մեծ նշանակութիւն ունեցող օրհնութիւն է: Այն միասնականութիւնը խորհրդանշող արտայայտութիւն մըն է, քանզի սոյնով քրիստոնեաները զիրար կ’աւետեն Քրիստոսի յայտնութիւնը: Գլուխը առջեւ մօտեցնելը՝ Յիսուսի ժամանակէն մնացած ողջոյնի ձեւ մըն է: Փսփսալը՝ եկեղեցւոյ առաջին օրերուն, երբ քրիստոնեաները ստիպուած էին հեթանոսական իշխանութիւններէն գաղտնի փառաբանել զԱստուած: Ողջոյն տուողը՝ «Քրիստոս ի մէջ մեր յայտնեցաւ» կ’ըսէ, իսկ ողջոյն ստացողը՝ «Օրհնեալ է յայտնութիւնը Քրիստոսի»:
ՍՈՒՐԲ ՀԱՂՈՐԴՈՒԹԻՒՆ
Սուրբ Հաղորդութիւնը ինքնոյն գոհունակութեան ճաշակում է, որ անուղղակիօրէն կապուած է Հին Կտակարանի Հրէական Պասեքի ծիսակարգին հետ, այսինքն ծիսական ընթրիք առ ի յիշատակութիւն՝ Եգիպտոսի մէջ հրեաներու գերութենէն ազատագրումին: Յիսուս իր աշակերտներուն հետ Պասեքի ընթրիքը կերաւ (այն ինչ մենք այժմ «Վերջին Ընթրիք» կը կոչենք):
Քրիստոս Պասեքի ընթրիքը վերափոխեց Իրեն, Իր կեանքին, մահուան ու Յարութեան յիշատակելուն: Ան Պասեքի նոր ու յաւերժական գառն է, որ մարդկութիւնը ազատեց չարի, տգիտութեան եւ մահուան գերութենէն, փոխարենը՝ անոնց առաջնորդեց դէպի Աստուծոյ Թագաւորութեան մէջ յաւիտենական կեանքին: Վերջին ընթրիքի ժամանակ, Քրիստոս վերցուց հացն ու գինին եւ իր աշակերտներուն պատուիրեց ուտել եւ խմել Իր Մարմինն ու Արիւնը: Այս դարձաւ քրիստոնէական կեանքի հիմքը, որուն միջոցով Քրիստոնեաները կը զգան Քրիստոսի ներկայութիւնը իրենց մէջ:
Սուրբ Հաղորդութիւնը կը մատուցուի իւրաքանչիւր Պատարգի ընթացքին (բացառութեամբ Զատիկէն առաջ Մեծ Պահքի շրջանին մատուցուած Պատարագներուն): Հայ Եկեղեցւոյ իւրաքանչիւր հաւատացեալ պարտաւոր է պարբերաբար Հաղորդուիլ: Հայ Եկեղեցւոյ ուսմունքներուն համաձայն, Սուրբ Հաղորդութիւնը, քրիստոնեայի մը Աստուծոյ հետ հաշտութեան ճշմարիտ ցանկութեան կատարումն է: Անկէ առաջ պետք է հոգեպէս պատրաստուիլ եւ զղջալ: Եկեղեցւոյ կանոնները կը պահանջեն, որ Սուրբ Հաղորդութեան պատրաստւող անձը այն օրը ծոմ պահած ըլլայ՝ ի վկայութիւն որ հոգեւոր սնունդը աւելի կարեւոր է, քան ֆիզիքական սնունդը: Անոնք, որոնք դեղեր կ’առնեն կամ ինչ որ առողջական պատճառներ ունին կրնան ծոմ չպահել:
Զղջումի հիմնական տարրերն են՝ կատարած մեղքերու համար ճշմարտապէս ափսոսալն ու անկեղծօրէն խոստովանիլը: Այժմ, միասնական կամ ընդհանուր խոստովանանք կը կատարուի, ուր Պատարագի ընթացքին, Սուրբ Հաղորդութեան մատուցումէն անմիջապէս առաջ կը կարդացուի Զղջման աղօթքը: Այնուամենայնիւ, կարելի է նաեւ անհատական խոստովանութեան հնարաւորութիւնը: Անոնք, որոնք կը ցանկանան անհատական խոստովանութիւն ընել, կարող են քահանայի հետ պայմանաւորուիլ:
ՎԵՐՋԻՆ ՕՐՀՆՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ԱՐՁԱԿՈՒՄ
Յաւարտ Սուրբ Պատարագի, պատարագիչ քահանան Աստուածաշունչը բռնած կը կանգնի հաւատաւորներուն առջեւ: Ըստ աւանդութեան, հաւատացեալները, մէկ առ մէկ, կը մօտենան եւ Աստուածաշունչը կը համբուրեն, Տեառն մերոյ Յիսուս Քրիստոսի հանդէպ իրենց ունեցած սէրը արտայայտելով:
ՄԱՍԻ ԲԱՇԽՈՒՄ
Մաս կը նշանակէ բաժին, իսկ Եկեղեցւոյ «Մասը» օրհնուած բաղարջ հացն է, որ Պատարագի ընթացքին կ’օրհնուի եւ Պատարագի աւարտին փոքր կտորներով կը բաժնուի ժողովուրդին: Այն վաղ քրիստոնէական աւանդոյթ «ագապ»-ի կամ սիրոյ ճաշի յիշատակութիւն է, ուր Պատարագէն վերջ բոլորը միատեղ իրար հետ ճաշի կը նստէին: Կարելի նաեւ Մասէն բաժին մըն ալ տուն տանիլ՝ այն օրը Պատարագին չմասնակցող տան անդամներուն համար: Եթէ Ձեր բարեկամի կամ հարազատի համար յաւելեալ բաժին մըն ալ կ’ուզէք, մի ամչնաք ու խնդրեցէք: Երբ Մասը կը բաշխուի՝ տուող անձը կ’արտասանէ հետեւեալ բառերը «Մաս եւ բաժին եղիցին քեզ ի Սուրբ Պատարագէս», իսկ ստացողը՝ «Բաժին իմ Աստուած յաւիտեան»:
ՅԱՏՈՒԿ ԱՌԻԹՆԵՐՈՒ ԱՂՕԹՔՆԵՐ
Սուրբ Պատարագի ընթացքին. պատարագիչ քահանան աղօթք կը բարձրացնէ առ Աստուած բոլոր հաւատացեալներուն համար: Ան ուրախ կ’ըլլայ նաեւ աղօթելու ողջ մարդկանց ուրախ առիթներուն համար, ինչպէս ամուսնութեան տարեդարձ կամ ծննդեան տարրեդարձ եւ այլն: Ծուխի անդամները կարող են հեռաձայնել եկեղեցի եւ պատգամ թողել կամ ալ հեռաձայնել Ծխական Խորհուրդի անդամներէն մէկուն եւ Սուրբ Պատարագէն առաջ իրենց խնդրանքը յայտնել: Այս առիթներուն ընդունուած է նիւթական սրտաբուխ նուիրատուութիւն մը կատարել կամ ալ Սուրբ Խորանին ծաղիկներ կամ մոմեր նուիրել: Այս նուիրատուութիւնները՝ աղօթքը խնդրող հաւատացեալի նուիրումը կը ներկայացնէ:
ՆՈՒԻՐԱՏՈՒՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
Ծուխի անդամները նկատի պետք է ունենան, թէ հաւատացեալի մը պարտականութիւնն ու պատասխանատուութիւնն է հոգալ Եկեղեցւոյ կարիքները՝ շարունակելու անոր ֆիզիքական գոյութիւնը եւ երկրի վրայ անոր առաքելութիւնը իրականացներու համար: Ուստի, կը քաջալերենք, որ կատարէք Ձեր նուիրատուութիւնը, որուն դիմաց կը ստանաք տուրքէ զուրկ ստացական: