Back

ՍՈՒՐԲ ՄԵՍՐՈՊ ՄԱՇՏՈՑ

Հինգերորդ դարին արդէն Քրիստոնէութիւնը աներկիւղ ու ազատօրէն կը տարածուէր Հայաստանի չորս բոլորը: Սակայն ակնյայտ էր, որ Քրիստոնէութեան դիրքերը կարելի էր ամրապնդել միայն այն ժամանակ, երբ եկեղեցական արարողութիւնները կատարուէին մայրենի լեզուով՝ հայերէնով: Այն օրերուն Հայերէնը միայն խօսակցական լեզու էր: Եկեղեցւոյ անդաստաններէն ներս կը հնչէին յունարէնն ու ասորերէնը: Արարողութիւններուն ընթացքին, անհրաժեշտ էր թարգմանիչներու ներկայութիւնը, որոնք յունարէնը եւ ասորերէնը բանաւոր հայերէնի կը դարձնէին: Այդ ժամանակ, Հայաստանը՝ արեւելքի (Պարսկաստանի) եւ արեւմուտքի (Բիւզանդիոյ) միջեւ բաժնուած էր: Ընդհանուր գրական լեզուի գոյութիւնը՝ հայ ժողովուրդի միաւորման եւս մէկ շարժառիթ պիտի ըլլար:

Ուստի, Սահակ Կաթողիկոսը՝ ով այդ ժամանակաշրջանի ամենայառաջադէմ գիտնականներէն մէկը կը համարուէր, եւ Մեսրոպ Մաշտոցը, իրենց վրայ վերցուցին Այբուբէնի մշակման առաքելութիւնը Վռամշապուհ Արշակունի արքայի օրհնութեամբ (Արեւելեան Հայաստանի մէջ), ի նպատակ յետագային զայն որպէս Աւետարանչութեան տարր օգտագործուելու, ինչպէս նաեւ որպէս ժողովուրդի միաւորութիւնն ամրապնդող թափ:

404 թուականին, տարբեր բարբառներ ուսումնասիրելու համար երկար ճանապարհորդութենէ մը ետք, ըստ աւանդութեան՝ Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոցն Բալահովիտի մէջ ստեղծեց երեսունվեց տառերէ բաղկացած Հայոց Այբուբէնը, որոնց դարեր անց աւելցան եւս երկու լրացուցիչ տառեր: Հայոց Այբուբէնի ստեղծումը մեծ խթան հանդիսացաւ ոչ միայն եկեղեցւոյ, այլ ամբողջ հայազգի համար, որովհետեւ անորմով լայնաբաց դռներ բացուեցան հայ գրականութեան պատմութեան էջերու ստեղծարար եւ բեղմնաւոր ժամանակաշրջաններէն մէկուն:

Նորաստեղծ այբուբէնով թարգմանուած առաջին գիրքը Սուրբ Աստուածաշունչն էր, որ աւարտուեցաւ 433 թուականին: Աստուածաշունչի հայերէն թարգմանութեան գեղեցկութիւնն ու հիասքանչ պարզութիւնը գիտնականներուն ստիպեց զայն անուանել «Թագուհի Թարգմանութեանց»: Մինչ օրս, բնագիր թարգմանութեամբ հիմնուած տարբերակները կը շարունակուին գործածուիլ:

Այնուհետեւ, Սուրբ Մեսրոպը սկսաւ դպրոցներ բանալ, ուսուցանել, թարգմանել եւ քարոզներ ու ընթերցուածքներ գրել՝ հասկնալի դարձնելով դժուար վարդապետութիւնները: Ան որպէս ուսման կեդրոններ հիմնեց բազմաթիւ վանքեր: Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոցը ստեղծեց նաև Վրացական և Կովկասեան Ալպանական այբուբէնները:

438 թուականին, Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոցը, մինչեւ իր մահը, ստանձնեց Հայաստանի մէջ եկեղեցւոյ կառավարումը: Անոր շիրիմը կը գտնուի Երեւանի մօտակայքին տեղ գտած Օշական գիւղի մէջ, ուր եւ անոր սուրբ աճիւններուն վրայ սրբավայր կառուցուած է: Յետ մահու, ան դասուեցաւ Հայ եկեղեցւոյ մեծարանքի արժանի սուրբերու կարգին: Անոր անունը մինչեւ այսօր, Հայ ժողովուրդի համար, անմար կանթեղի մը պէս կը շողայ ու կը լուսաւորէ անոնց որոնց ուր ալ երթան կառչած կը մնան իրենց Մայրենի լեզուին: