Տիկնաց Յանձնախումբ
Տիկնաց Յանձնախումբը, ոչ պաշտօնական, կամաւորական տիկիններու խմբակ մըն է, որուն առաքելութիւնն է՝
– Օթթաուայի Հայ համայնքի կանանց համար ապահովել ծառայութեան եւ ընկերակցութեան հնարաւորութիւններ՝ ըստ Աստուածաշունչի ուսմունքներուն եւ Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցւոյ վարդապետութիւններուն, աւանդոյթներուն եւ ժառանգութեան,
– ծուխիս բարոյական եւ ֆինանսական աջակցութիւն հայթայթելու ի նպաստ հանդիսակատարութիւններ եւ միջոցառումներ կազմակերպել` այդպիսով նաեւ ապահովել անոր բարգաւաճումը, եւ
– մշակութային ու հասարակական միջոցառումներ կազմակերպել, որոնք աջակից կ’ըլլան Եկեղեցւոյս առաքելութեանը եւ կ’ամրապնդեն համայնքի անդամներու մերձաւորութիւնն ու միասնութիւնը:
Եթէ հետաքրքրուած էք միանալ Տիկնաց Յանձնախումբին՝ կը խնդրենք կապ պահել՝ Հուրի Աւետիսեանի կամ Ալին Թաշճեանի հետ: