Back

ՕԹԹԱՈՒԱՅԻ «ՆՈՐԱՅԳ» ՊԱՐԱԽՈՒՄԲԸ

Օթթաուայի «Նորայգ» պարախումբը, պաշտօնապէս իր գործունէութիւնը սկսաւ Փետրուար 21, 2019-ին, հիմնադիր եւ պարուսոյց Աննա Պետրոսեանի ղեկավարութեամբ:

«Նորայգ» պարախումբի գործունէութիւնը նորութիւն մըն է մայրաքաղաքի շրջանի մէջ, ուր առաջին անգամ ըլլաով, Օթթաուայի մէջ երեխաներն ու երիտասարդները կրնան մասնակցիլ բոլորովին առանց շահոյթի հիմունքներով, հայկական պարի դասընթացքներուն:

Դռները բաց են՝ 4 տարեկան եւ աւելի տարիքի աղջիկներուն ու 7 տարեկան եւ աւելի տարիքի տղաներուն, ինչպես նաև պատանիներուն եւ երիտասարդներուն համար: Յատուկ դասընթացներ կան նաև չափահասներուն եւ աւագներուն համար:

Կարճ ժամանակէ մը ետք, «Նորայգն» իր նախաքայլը կատարեց Սուրբ Մեսրոպ եկեղեցւոյ 40-ամեակի միջոցառման ժամանակ, ապա շուտով ելոյթ ունեցաւ սերպիական եւ լիբանանեան փառատօններուն: «Նորայգը» կրկին անգամ հրաւիրուած է ելոյթ ունենալու Օթթաուայի մէջ՝ Լիբանանի, Սերպիոյ եւ Ուքրանիոյ փառատօններուն, որոնք նախատեսուած են որ տեղի պիտի ունենան յառաջիկային: Այժմ պարախումբն ունի 37 արձանագրուած անդամ եւ 10 նոր անդամներ, որոնք պաշտօնապէս պիտի արձանագրուին, երբ վիճակը կարգաւորուի ու դասընթացքները վերստին սկսին:

«Նորայգի» հայկական պարախումբի հիմնական նպատակն է՝ Օթթաուայի երեխաներուն եւ երիտասարդներուն սորվեցնել հայկական մշակոյթի ու ժողովրդական պարերու մասին` հաճելի եւ ընկերային միջավայրի մը մէջ: «Նորայգ» համոյթը նաեւ կը ջանայ մեր մշակոյթը ոչ հայկական խումբերուն ծանօթացնել՝ մասնակցելով տարբեր հանդէսներուն եւ փառատօններուն: