ՕԹԹԱՈՒԱՅԻ ՀԱՅ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ՄԻՈՒԹԻՒՆ
60-ական թուականների վերջերը, մի քանի հոգիէ կազմուած խմբակ մը, Հայ արմատներ ունեցող մարդոց անուններով ցուցակներ կազմեցին՝ Օթթաուայի հեռախօսի տեղեկատուն օգտագործելով: Սոյն աշխատանքը հասարակական հաւաքոյթներու, անշահոյթ եւ ոչ դաւանաբանական հիմնարկի, ազատ մշակութային միութեան մը ստեղծման առիթ դարձաւ՝ ի նպաստ այդ տարածաշրջանին մէջ ապրող հայերու համախմբման եւ նոր տեղափոխուածներուն օգնութիւն եւ խորհուրդ տրամադրելուն: 1971-ին խումբը Կանոնադրութիւն մը կազմեց եւ հրաւէր ուղարկեց մայրաքաղաքի տարածաշրջանը բնակուող բոլոր հայերուն:
Միութիւնը կեդրոնացաւ մշակութային գործունէութեան վրայ՝ (երաժշտութիւն, քանդակագործութիւն, նկարչութիւն, ուտեստ եւ ժողովրդական աւանդոյթ): 1972-ին, Օթթաուայի համալսարանի դասարաններէն մէկուն մէջ տեղ գտաւ՝ չափահասներու առաջին հայոց լեզուի դասաւանդման դպրոցը: 1974-ին, Կիրակի օրերուն, կամաւորներու խումբի մը ջանքերով, առաջին անգամ ըլլալով կազմակերպուեցաւ մանուկներու «Արարատ» դպրոցը: Այսօր, կամաւորներու տքնաջան աշխատանքներով դպրոցի առաքելութիւնը դեռ կը շարունակուի, իսկ դասընթացքները՝ հաւատարմագրուած են Օնթարիոյ կրթութեան նախարարութեան կողմէն: 1977-ին ՕՀՄՄ-ն իր Կանոնդրութեան մէջ փոփոխութիւններ իրականացուց եւ դիմեց Գանատայի Եկամուտներու հիմնարկին, անոր սահմանուած օրէնքով՝ «բարեգործական կազմակերպութիւն» դառնալու իրաւունքը ստանալու համար: Ան նաեւ հասարակական կառոյց ունենալու կապակցութեամբ դրամահաւաքներ կազմակերպելու թոյլտուութիւն ձեռք ձգեց:
Դեկտեմբեր 1988-ին, Հայաստանը երկրաշարժի աղէտի ենթարկուեցաւ, եւ ՕՀՄՄ-ն Գանատայի Կարմիր Խաչի ու այլ կազմակերպութիւններու հետ համագործակցեցաւ՝ երկրաշարժէն տուժողներուն առաջին կարգի օգնութիւն հաւաքելու եւ ուղարկելու համար: Համայնքի կառոյց կերտելու փոխարէն հաւաքուած գումարի մեծ մասը տրամադրուեցաւ տուժողներու աջակցութեանը: ՕՀՄՄ-ն նաեւ երկու անդամահատուած երեխաներու երաշխաւորեց, որոնք Օթթաուայ եկած էին արհեստական ձեռք ու ոտք ձեռք բերելու: Այժմ, այն երեխաները Հայաստանի մէջ՝ երաժշտութեան ոլորտի գեղարուեստական ղեկավար ու յաջողակ բժիշկ կը հանդիսանան: 90-ականներուն, ՕՀՄՄ-ն դիմաւորեց Արցախէն ժամանած գաղթականներուն, երբ Ազրպէյճանի մէջ սկսեր էր պատերազմ բռնկիլ:
Համացանցի յառաջ գալով, հասարակական կառոյցի ձեռք բերումը բարելաւացաւ ու զօրաշարժի ենթարկուեցաւ՝ ելեկտրոնային ծրագիր (Օթթա-Հայ ցանցի) միջոցով, որ մշակութային եւ համայնքի հետ առնչուող այլ հարցերու շուրջ, ազատ ու արդար մտքերու փոխանակումին կը նպաստէ: ՕՀՄՄ-ն կը հովանաւորէ նաեւ Rogers Cable 22 ալիքի, ամսական կէս ժամեայ հայկական համայնքի մասին հեռուստատեսային յայտագիրը:
Օթթաուայի Հայ Մշակութային Միութիւն
10 Dalecroft Cres., Ottawa, ON, K2G 5H9
Ե-նամակ՝ acao.acfo@gmail.com
Կայքէջ՝ www.armeniancommunityofottawa.ca