Մեր Պատմութիւնը
Տոքթ. Նուպար Պոստանեանի հրաւէրով, Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմի, Գանատայի Տեղապահ Գերշ. Տ. Արիս եպիսկոպոս Շիրվանեանը 1977-ի հոկտեմբերին ժամանեց՝ Գանատայի մայրաքաղաք Օթթաուայի մէջ ապրող հաւատացեալներուն համար Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ մատուցելու: 1978 թուականի Յունուար 7-ին, Արիս Սրբազանը վերադարձաւ Օթթաուա՝ Սուրբ Ծնունդը տօնելու: Երկրորդ Պատարագի ժամանակ Սրբազան Հայրը յայտարարեց Օթթաուայի մէջ «Սուրբ Մեսրոպ» անունով նոր ծուխի ստեղծման եւ առաջին Ծխական Խորհուրդի անդամներու նշանակման մասին: Մի քանի ամիս ետք, Արիս Սրբազանը վերադարձաւ Օթթաուա, այստեղ ծնած երկու երեխաներուն՝ Քարոլին Աշեգեանին ու Արտաշէս Քասախեանին մկրտելու:
Ծխական առաջին Խորհուրդի անդամներն էին՝ ատենապաետ Տիար Լեւոն Ջիւանը, փոխատենապետ Տոքթ. Ժիրայր Արսենեանը, գանձապահ Տոքթ. Նուպար Պոստանեանը, ատենադպիր Տիար Վահէ Պալապանեանը եւ խորհրդական Տիար Բարսեղ Աշեգեանը:
Ֆիշըր պողոտայի վրայ գտնուող Սուրբ Մարկոս Անկլիքան եկեղեցին վարձուեցաւ ու դարձաւ հոգեւոր ծառայութիւններու եւ արարողութիւններու վայրը: Վերջերս Սուրբ Մարկոս եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցան վերանորոգման աշխատանքներ, Տիար Ճոն Աճելեանի հովանաւորութեամբ, ով «Bishop Reed Hall» սրահը կառուցեց: Քառասուն տարիէ ի վեր Սուրբ Մարկոսը թէ’ պաշտամունքի եւ թէ’ համայնքային վայր է:
70-80-ականներուն, ծուխը՝ տարեկան չորս-հինգ Պատարագի մատուցում կը կազմակերպէր: 1990-ականներուն Պատարագներու թիւը հասաւ տասի, ապա տարեկան տասներկու: Ծխական Խորհուրդը նաեւ անբասիր աշխատանք կը տանի համայնքային կեանքը խթանելու ուղղութեամբ` մշակութային եւ հասարակական միջոցառումներ կազմակերպելով, որպէսզի հայ համայնքի անդամներուն առիթ ընծայուի իրար հետ տեսնուելու եւ առնչութիւն ունենալու: