Back

Սուրբ Մկրտութեան Խորհուրդը

Ընդհանրապէս բոլոր դաւանանքները, կրօնն ընդունելու իրենց յատուկ արարողութիւնները կ’ունենան: Մկրտութիւնը, որ բառացիօրէն ջուրի մէջ թաթախել կը նշանակէ, ծանօթ ծիսակատարութիւն մըն էր, որ կը կատարուէր նոյնիսկ մինչեւ Յիսուսի ժամանակը: Մկրտութիւնը՝ նոր կեանք կը խորհրդանշէ, նոր կեանքի մէջ նոր ծնունդ: Նոր Կտակարանի մէջ կը յիշատակուի Սուրբ Յովհաննէս Մկրտիչը, երբ ապաշխարութեան մասին կը քարոզէր եւ մարդոց ջուրով կը մկրտէր՝ յորդորելով պատրաստուիլ Աստուծոյ Արքայութեան գալուստին:

Յիսուս Քրիստոս եւս մկրտուեցաւ Յովհաննէս Մկրտիչի ձեռամբ, ոչ թէ որովհետեւ ապաշխարելու կարիքն ունէր, այլ որ անձամբ իր մկրտութեամբ, Ան բոլորին յայտնեց, որ ինքն է Աստուծոյ սիրելի որդին, աշխարհի Փրկիչը եւ սպասուած Մեսիան՝ «Աստուծոյ գառը, որն իր վրայ պիտի վերցնէ աշխարհի մեղքերը » (Յովհ. 1:29): Յորդանան Գետի մէջ իր մկրտութեամբ, Քրիստոս մկրտութեան նոր իմաստ տուաւ անոր հետեւորդներուն համար: Այսպիսով, քրիստոնէական եկեղեցւոյ անդաստաններէն ներս մկրտութիւնը կը նշանակէ աւելին, քան ուղղակի ապաշխարութիւն եւ բարոյական փոփոխութիւն: Քրիստոնէական մկրտութիւնն իսկապէս այն խորհուրդն է, որով մարդը մասնակից կը դառնայ Քրիստոսի մահուան եւ Յարութեան:

Հայ եկեղեցւոյ առաջին խորհուրդը մկրտութիւնն է: Եթէ դեռ չենք մկրտուած, չենք կրնար մասնակցիլ Եկեղեցւոյ միւս խորհուրդներուն: Այդ պատճառով մկրտութիւնը «Եկեղեցւոյ Մուտք» կը կոչուի: Մանուկներու մկրտութիւնն այսօր Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ մէջ ընդունուած իրողութիւն մըն է: Ըստ ընդունուած օրէնքի, խորհուրդ կը տրուի մկրտել ութօրեայ մանուկը, սակայն ներկայ պայմաններուն, կարելի է որ հնարաւորութիւն չըլլայ այդ մէկը իրականացնել: Այսուհանդերձ, երեխանները պէտք է հնարաւորինս շուտ մկրտուին:

Մկրտութեան Խորհուրդը Եկեղեցւոյ Սուրբ կամարներու տակ կը կատարուի, այլ ոչ թէ տունը կամ այլ հասարակական կամ յատուկ վայրերու մէջ: Իւրայատուկ դէպքերուն, երբ երեխան հիւանդ է եւ անոր չեն կրնար Եկեղեցի բերել, կարելի է Առաջնորդ Սրբազանի յատուկ տնօրինութեամբ` Խորհուրդը կատարել տունը կամ հիւանդանոցի մէջ: Մկրտուող անձին Եկեղեցի կը բերէ անոր կնքահայրը, ով պէտք է եկեղեցւոյ հաւատաւոր անդամ ըլլայ: Այս էական նշանակութիւն ունի, քանի որ կնքահայրերը Եկեղեցւոյ յատուկ դեսպաններ են եւ պատասխանատու են երեխայի քրիստոնէական ճիշտ դաստիարակչութիւն ու ուսուցում ստանալուն:

Մկրտութեան արարողութիւնը կը սկսի սատանայի դատապարտութեամբ ու Քրիստոսով հաւատքի հռչակումով, ուր կ’ընթերցուի «Հաւատքի Հանգանակ»-ը: Այնուհետեւ մկրտութեան ջուրը աղօթքով կ’օրհնուի, եւ անձը երեք անգամ կը թաղուի աւազանի ջուրին մէջ, Ամենասուրբ Երրորդութեան անունով՝ «անուն Հօր եւ Որդւոյ եւ Հոգւոյն Սրբոյ»։ Ճիշտ այս պահին է, որ երեխային պաշտօնապէս անուն կը տրուի: Կը յորդորուի ծնողներուն խուսափիլ ոչ քրիստոնէական անուններէն: Խորհուրդ կը տրուի, որ Աստուածաշնչեան անուն կամ սուրբի անուն տրուի, քանի որ մկրտութեան ժամանակ երեխային տրուած անունը, իր քրիստոնէական անունն է:

Դրոշմը
Այսօր հայկական եկեղեցին Մկրտութեան խորհուրդէն անմիջապէս ետք կը կատարէ Դրոշմի՝ Սուրբ Հոգին ստանալու խորհուրդը: Դրոշմի խորհուրդով անձի մարմնի բոլոր մասերը կ’օծուին սրբալոյս Միւռոնով, որպէսզի ան ստանայ Սուրբ Հոգիի նորոգիչ շնորհները: Ըստ աւանդութեան, ամէն եօթը տարին մէկ, սրբալոյս Միւռոնը Սուրբ Էջմիածինի մէջ կը պատրաստուի եւ կ’օրհնուի Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի ձեռամբ, ապա կը բաժանուի աշխարհի բոլոր եկեղեցիներուն:

Առաջին Հաղորդութիւն
Երբ անձը ի պատշաճի կը մկրտուի եւ կը դրոշմուի, ապա անոր կը տրուի Սուրբ հաղորդութիւնը՝ Տեառն մերոյ Յիսուս Քրիստոսի Մարմինն ու Արիւնը, որուն միջոցով ան կը ստանայ քրիստոնէական հոգեւոր սնունդ եւ զօրութիւն: Արարողութեան աւարտին քահանան կը համբուրէ նոր մկրտուածի ճակատը՝ ողջունելով անոր անդամակցութիւնը Մայր Եկեղեցւոյ ընտանիքէն ներս: Նոյն կերպով կնքահայրերը, ծնողները, հարազատներն ու բարեկամները նաեւ կը շնորհաւորէն նոր մկրտուած անձին:

Մկրտութեան համար պայմանաւորուելու
Մկրտութեան պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերելու համար, նախ քահանայի հետ կապ պահեցէք օրն ու ժամը նշանակելու համար, որմէ ետք եւ նախքան արարողութիւնը, քահանան հանդիպում կը կազմակերպէ ծնողներուն ու կնքահայրերուն հետ խորհրդակցելու նպատակով, սոյն հանդիպաման ժամանակ քահանայ հայրը կը բացատրէ Մկրտութեան խորհուրդի իմաստը եւ արարողութեան համար ինչ նախատեսուած է պատրաստել: Ահաւասիկ, մկրտութեան հետ առնչուող սովորոյթներէն եւ աւանդոյթներէն քանի մը հատ:

1. Ջուրի մէջ թաթախուելէն ետք երեխային փաթթելու համար պէտք է ձեռքի տակ ըլլայ ճերմակ մեծ անձեռոց մը:

2. Անհրաժեշտ է մկրտութեան զոյգ մը մոմեր, որ երեխային դրոշմելու ժամանակ կը վառին՝ ի նշան Սուրբ Հոգւոյն, որ «կրակի» կերպարանքով եկաւ եւ նստաւ Վերնատան մէջ հաւաքուած Քրիստոսի աշակերտներուն վրայ:

3. Երեխային մկրտելէն եւ քրիստոնէութենէն ետք անոր ճերմակ հագուստներ կը հագցնեն: Այս «փրկութեան հանդերձանք»-ը կը խորհրդանշէ նոր մարդկութիւնը Յիսուս Քրիստոսի, որ նոր եւ երկնային Ադամն է:

4. Ընդունուած է, որ կնքահայրերու նուէրը ըլլայ Խաչ, որ եւս կ’օրհնուի արարողութեան ընթացքին: Քահանան նաեւ կ’օրհնէ կարմիր եւ ճերմակ թելերով Խաչը, այս գոյները խորհրդանիշներն են Յիսուս Քրիստոսի Սուրբ արեան, որ թափուեցաւ վասն մեր մեղքերու քաւութեան եւ Խաչի վրայ Անոր խոցուած կողէն դուրս եկած հեղուկին: Արարողութեան ընթացքին երկու խաչերն ալ կը դրուին նոր մկրտուած երեխայի վրայ:

5. Մկրտութեան արարողութեան աւարտին, երբ քահանան Սուրբ հաղորդութիւն կու տայ նոր մկրտուած երեխային, խորհուրդ կը տրուի, որ կնքահայրերը, ծնողները եւ ցանկացած այլ ոք, ով ներկայ է արարողութեան ընթացքին, միանան մեր Տիրոջ Սուրբ Մարմինը եւ Արիւնը ստանալուն:

Մկրտութենէն ետք
Մկրտութենէ երկու օր ետք յատուկ արարողութիւն մը կը կատարուի` երեխային մկրտութեան հագուստէն (Միւռոնէն) հանելու համար: Այս արարողութիւնը տան մէջ կը կատարուի: Եթէ կը ցանկանաք այս կարճ արարողութիւնը կատարել, կը խնդրենք պայմանաւորուիլ քահանային հետ: Եթէ նոյնիսկ չցանկանաք սոյն յատուկ արարողութիւնը կատարել, ապա իւրաքանչիւր նոր մկրտուած երեխայի ծնողները պարտաւոր են պահպանել հետեւեալը՝ Մկրտութենէ ետք երեխայի առաջին լոգանքի, ինչպես նաեւ ներքնազգեստի եւ մկրտութեան հանդերձներու լուացումի ջուրերը, առանձին յատուկ տեղ պետք է հաւաքուին, ապա պարտէզը թափուին: Այսպիսով Սուրբ Միւռոնով ջուրը զանց կը մնայ աղտոտ ջուրերու հետ խառնուելէն:

Չափահասերու մկրտութիւն
Երբ չափահաս անձ մը ցանկութիւն յայտնէ Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ միջոցով քրիստոնէական հաւատքն ընդունիլ եւ մկրտութեամբ ու եկեղեցւոյս մնացած Սուրբ Խորհուրդները ստանալ, ապա անոր փափաքը կը քննարկուի քահանային հետ: Քանի որ ըստ եկեղեցւոյ օրէնքին՝ կա միայն մէկ մկրտութիւն, որ երբեք երկրորդ անգամ չի կրկնուիր: Հետեւաբար, եթէ անձը ի պատշաճի մկրտուեր է մէկ այլ քրիստոնէական դաւանանքի կողմէն ըստ Մկրտութեան խորհուրդի էական պայմաններուն, ուստի այդ անձը՝ Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ անդաստաններէն ներս կրնայ միայն կը դրոշմուիլ եւ Սուրբ Հաղորդութիւնը ստանալ:

Կը խնդրուի նկատի առնել, որ Պսակի խորհուրդի համար, եթէ զոյգերէն մէկը ոչ քրիստոնեայ է, անհրաժեշտ է պսակէն առաջ անոր մկրտուիլը: Եթէ զոյգերէն մէկը մկրտուեր է մէկ այլ քրիստոնէական դաւանանքի կողմէն, ըստ խորհուրդի էական պայմաններուն, ապա միայն Դրոշմի: