Back
Ararat-Armenian-School-Logo

«ԱՐԱՐԱՏ» ԴՊՐՈՑ

«Արարատ» դպրոցը հիմնադրուած է 1977 թուականին Օթթաուայի մէջ, Օթթաուայի Հայ Մշակութային Միութեան հովանու ներքոյ: 4-16 տարեկան երեխաները կրնան մասնակցիլ դասընթացքներուն, որոնք դասաւորուած են ըստ երեխաներուն լեզուի իմացութեանը: Դպրոցի նպատակն է լեզուի ուսուցման եւ դաստիարակչական մանկավարժական համակարգը զարգացնել, որուն միջոցով աշակերտներուն կը տրուի՝ Հայերէն լեզուով (գրաւոր եւ բանաւոր) հաղորդակցելու կարողութիւն, զուգահեռ`մշակութային տարրեր, ներառեալ՝ հայկական աւանդական երգն ու պարը: Դպրոցի յարկէն ներս հետաքրքիր ուսումնական ծրագիրով կը դասաւանդուի, որ պատրաստուած է համապատասխանելու աշակերտի լեզուական հմտութիւններուն եւ իւրաքանչիւրին խրախուսելու ընդլայնել իր հմտութիւնները եւ վստահօրէն հաղորդակցիլ հայերէնով:

Հիմնականին, դպրոցի դասաւանդման լեզուն արեւմտահայերէն է, բոլոր այն երեխաները եւ իրենց ընտանիքները, որոնք արեւալահայերէն կամ արեւմտահայերէն կը խօսին, սիրով հրաւիրուած են դպրոցի ընտանիքէն մաս կազմելու: Դպրոցի դասընթացքը Կիարկի առաւօտներուն է, իսկ այժմ, դասաւանդութիւնը առցանց կը կատարուի պսակաժահրի պատճառով:

«Արարատ» դպրոցի արձանագրութիւնները կը կազմակերպուին Education Permanente-ի միջոցով: Ընդհանրապէս արձանագրուելու դռները կը բացուին Օգոստոսի վերջին՝ Սեպտեմբերի ուսումնական տարին սկսելէն առաջ: Այդ ժամկէտէն դուրս, կը խնդրուի կապ պահել «Արարատ»դպրոցի տնօրինութեան հետ ներկայացնելու Ձեր դիմումը: Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար՝ կրնաք դպրոցի Դիմատետր էջը այցելել կամ անմիջապէս ե-նամակով կապ պահել դպրոցի հետ araratarmenianschool@gmail.com հասցէով: