Back

Օթթաուայի մէջ խաղաղ ցոյց՝ Արցախի ճանաչման համար

23 Հոկտեմբեր 2020-ին, Գանատահայոց Թեմի բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Աբգար եպս. Յովակիմեանը, Օնթարիոյ եւ Քէպէք նահանգներու թեմական հոգեւորաց դասի՝ Գանատահայոց Թեմի Փոխ-առաջնորդ եւ Թորոնթոյի Սուրբ Երրորդութիւն եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Զարեհ աւագ քահանայ Զարգարեանի, Լաւալի Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Կոմիտաս քահանայ Միրզախանեանի, Մոնթրէալի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Առաջնորդարանիստ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Դաւիթ քահանայ Մարգարեանի եւ Թորոնթոյի Սուրբ Երրորդութիւն եկեղեցւոյ հովիւի օգանական Արժ. Տ. Հայարի քահանայ Թանաշեանի, ինչպէս նաեւ Թեմական Խորհուրդի ատենապետ Տիար Օհան Օհաննէսեանի ու Գանատահայ հաւատաւորներու հոծ բազմութեան մը ուղեկցութեամբ մասնակցեցան Արցախի դէմ ազրպէյճանա-թուրքական յարձակումները դատապարտելու եւ Արցախի Հանրապետութեան անկախութիւնը ճանաչելու Օթթաուայի մէջ տեղի ունեցած խաղաղ ցոյցին: