Back

Մոմավառութիւն – Հսկում՝ Աղօթք Արցախի Համար

Հոկտեմբեր 9, 2020-ին, Գանատահայոց Թեմի բարեխնամ Առաջնորդ Գերշ. Տ. Աբգար եպս. Յովակիմեանը, իրեն առընթերակայ ունենալով Մոնթրէալի Սբ. Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայց. Առաք. Առաջնորդարանիստ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Դաւիթ քհնյ. Մարգարեանը, նախագահեց Մոմավառութիւն-Հսկումի արարողութիւնն ու Համաժողովրդական Աղօթքը՝ ի աջակցութիւն Արցախ աշխարհի եւ անոր հայրենասէր պաշտպաններուն, որ տեղի ունեցաւ Օթթաուայի Սբ. Մեսրոպ Հայց. Առաք. եկեղեցւոյ մէջ: