Back

Հայոց Ցեղասպանութեան 106-Ամեակը

24 Ապրիլ, 2021-ին, Հայոց Ցեղասպանութեան 106-րդ տարելիցին, Գանատահայոց Թեմի Կալուածոց մարմնի ատենապետ Տիար Ժան-Ֆիլիփ Թաշճեանն ու Տիկին Նազիկ Մաթէոսեանը, ներկայացնելով՝ Գանատահայոց Թեմն ու Օթթաուայի Սուրբ Մեսրոպ Հայց. Առաք. եկեղեցւոյ Ծխական Խորհուրդը, Օթթաուայի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատան շէնքի մէջ գտնուող Հայոց Ցեղասպանութեան (1915-1923) թուականներու անմեղ զոհերու յիշատակին նուիրուած «Անմահ Հայաստան» յուշարձանին ծաղկեպսակներ զետեղեցին:

Անոնց դիմաւորեց Գանատայի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Ազնուազարմ Տիկին Անահիտ Յարութիւնեանը եւ դեսպանութեան հիւպատոս Մեծայարգ Տիար Արա Մկրտչեանը։

Երբեք չենք մոռնար

Ակնարկ մը «Անմահ Հայաստան» յուշարձանի մասին

Լեւոն եւ Հայկ Թոխմաճեաններու քանդակագործութեամբ, 2002 թ., Օթթաուայ:

Ի ձօն այն երկրին, որուն խորհրդանիշն է՝ Մարդկութեան նոր արշալոյսը հանդիսացող Արարատ լեռը: Ի յիշատակ այն մարդկանց, որոնք առաջինն ընդունեցին քրիստոնէութիւնը 301 թուականին եւ առաջինը խաչուեցան 1915-1923 թուականներուն՝ զոհ դառնալով 20-րդ դարի առաջին Ցեղասպանութեան, այն որ տեղի ունեցաւ Օսմանեան կայսրութեան լուծի տակ, երիտասարդ թուրքերու գլխաւորած կառավարութեան ձեռամբ։
Ի փառս վերածնուած Հայաստանին, որուն որդիներն ու դուստրերը դեռ կը հաւատան արդարութեան։