Back

Սուրբ Ծնունդ 2022

Սիրելիներ ի Քրիստոս,

Ահա դարձեալ տարի մը եւս բոլորած կեցած ենք նոր տարուան սէմին, եւ անգամ մը եւս օրհնութիւն է մեզի համար միասին տօնելու Քրիստոսի սուրբ Ծննդեան ուրախութիւնը։

Այս օրերուն երկինքի հրեշտակները կ՝աւետեն ծննդեան բարի լուրը աշխարհին՝ «Փառք ի բարձունս Աստուծոյ, եւ յերկիր խաղաղութիւն ի մարդիկ հաճութիւն»։

Քրիստոսի ծնունդով, մեզմէ իւրաքանչիւռս վերստին հրաւէր կը ստանայ վայելելու ուրախութիւնն այդ Աւետիսին, որով Աստուած կու գայ յայտնելու Ինքզինք եւ ըսելու` ով մեղաւոր մարդ դուն այլեւս փրկուած ես։

Ս․ Ծննդեան միջոցաւ մեզի անգամ մը եւս առիթը կը տրուի հաղորդուելու Աստուածային սիրոյ հետ եւ մենք ալ մեր կարգին սէր բաշխելու ուրիշներուն։

Ս․ Ծննդեան այս օրերուն, Հայ Եկեղեցին հոգեւոր մեծ ուրախութեամբ է, որ կը հրաւիրէ իր հաւատացեալ զաւակներուն փառաբանելու Աստուծոյ, երկրի վրայ Անոր սիրոյ եւ ներկայութեան համար։ Եկէք ուրեմն դարձնենք մեր սրտի աչքերը նորածին մանուկ Յիսուսին, որպէսզի կարողանանք սիրել Իրեն մեր ամբողջ սրտով, մտքով ու էութեամբ։ Որովհետեւ միայն Յիսուսի սիրոյ միջոցաւ է, որ մենք կը դառնանք մասնակիցները Իր Աստուածային բնութեան, այնպէս ինչպէս Ինք սիրոյ միջոցով առաւ մեր մադկային բնութիւնը։ Ամէն։ «ՓԱՌՔ Ի ԲԱՐՁՈՒՆՍ ԱՍՏՈՒԾՈՅ․․․»

Ս․ ԾՆՆԴԵԱՆ ՏՆՕՐՀՆԷՔ
Հայկական սովորութեան համաձայն, Ս․ Ծննդեան տօնի շրջանին կը կատարուի տնօրհնէքի հոգեպարար արարողութիւնը իւրաքանչիւր Հայ օճախէն ներս։ Տնօրնէքի համար կը խնդրենք կապ հաստատել Եկեղեցւոյ Ծխական Խորհուրդի ատենապետ, Տիար Ժան-Ֆիլիփ Թաշճեանի հետ (613)-701-2298.

Ս․ ԾՆՆԴԵԱՆ ԻՒՂԱԳԻՆ
Ս․ Ծննդեան տօնական օրերը մեզի համար կը դառնան մասնաւոր շրջան մը, ուր մեր սիրտն ու հոգին կը լեցուին ու կը զարդարուին հոգեւոր ուրախութեամբ եւ բարի աւետիսով։

Դարերու խորքէն եկած գեղեցիկ սովորութիուն մըն է տօնական այս օրերուն մեր սիրելիներուն եւ բարեկամներուն նուէրներ տալով մէկտեղ նաեւ սրտաբուխ նուիրատուութիւններով մասնակից ըլլալ Եկեղեցւոյ առաքելութեանը, բազմաթիւ ծրագիրներու իրականացումին եւ միշտ վառ պահելու անոր կանթեղի ճրագը։

Եւ քանի որ Սուրբ Ծննդեան այս շրջանը ժամանակն է տալու եւ նուիրելու, կը խնդրենք Ձեզմէ իւրաքանչիւրէդ, որ յիշեք նաեւ Օթթաուայի Սուրբ Մեսրոպ Հայց․ Եկեղեցին եւ ներփակ պահարանով Ձեր սիրոյ եւ հաւատքի նուէրը կատարէք Եկեղեցւոյ պայծառութեան եւ զօրացման համար։

Աստուած օրհնէ՜ Ձեզի։