Back

This is a repeating event

Ղազարոսի յարութեան յիշատակութեան օր

27marAll DayՂազարոսի յարութեան յիշատակութեան օր

Մեծ Պահքի 41-րդ օրը Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցւոյ օրացույցի մէջ Ղազարոսի յարութեան յիշատակի օրն է: Ղազարոսի յարութեան մասին կը պատմուի Ս. Յովհաննէսի Աւետարանին մէջ (տես Յովհ. 11:1-46): Ղազարոսը Յիսուս Քրիստոսի սիրելի ընտանիքէն էր: Ան Մարիամի և Մարթայի եղբայրն էր, ով մահացաւ հիւանդութեան պատճառով: Քրիստոս անոր յարութիւն կու տայ՝ ապացուցելով, որ Ինքն է կեանքը և յարութիւնը: Ղազարոսի յարութեան մասին պատմող դրուագը գեղեցիկ վերնագիր ունի. «Եւ Յիսուս արտասուեցաւ…»: Հրեաները, տեսնելով Յիսուսի արտասուելը, կ’ըսեն. «Տեսէք, թէ ինչքան կը սիրէր անոր»: Քրիստոսի արտասուելը բոլորի հանդէպ Անոր անսահման սիրոյ վկայութիւնն է, իսկ Ղազարոսի յարութիւնը կը խորհրդանշէ նաև ննջեցեալներու համընդհանուր յարութիւնը:

more

Time

March 27, 2021 All Day(GMT-05:00)