Ս. Յովնան մարգարէն Աստուածաշունչի 12 փոքր մարգարէներէն է: Հին Կտակարանին մէջ տեղ գտած «Յովնանի մարգարէութիւն»-ին մէջ կը պատմուի, թէ ինչպէս Աստուծոյ պատգամով Յովնան մարգարէն կը մեկնի Նինուէ` քարոզելու քաղաքի հեթանոս բնակիչներուն, սակայն անմիջապէս չի հետևիր Տիրոջ պատգամին: Խուսափելով կատարել Աստուծոյ պատուիրանը` Յովնանը կը փորձէ թաքնուիլ Թարսիս կոչուած բնակավայրին մէջ: Սակայն փախուստի ճանապարհին ծովը կը փոթորկուի, որուն մէջ նետուած մարգարէին կուլ կու տայ հսկայ կէտ մը Աստուծոյ հրամանով: Սարսափահար Յովնանը աղօթքով ու զղջումով կ՚աղերսէ Տիրոջ փրկութեան համար և երեք օր ետք Աստուծոյ կամքով կ՚ազատուի բանտարկութենէն: Այս անգամ անսալով Աստուծոյ պատուիրանին` Յովնանը կը մեկնի Նինուէ: Սկսելով իր քարոզը` ան կը մարգարէանայ քաղաքի կործանման մասին: Ունկնդիր ըլլալով Ս. Յովնանի մարգարէութեանը, սպասուածին հակառակ, Նինուէի բնակիչները` մեծէն փոքր, նոյնիսկ թագաւորը, պահք կը պահեն և ապաշխարութեամբ ու աղօթքով կը փրկեն հայրենի քաղաքը վերահաս կործանումէն:
Հայ Առաքելական եկեղեցիին մէջ Յովնան մարգարէի յիշատակութեան օրը մշտապէս կը նշուի առաջաւորաց պահքի շրջանին, որպէս խորհուրդ այն բանի, որ ճշմարիտ ապաշխարութեամբ կարելի է արժանանալ Աստուծոյ հաճութեանն ու ողորմածութեան: