Back

This is a repeating event

Տեառնընդառաջ: Տօն քառասնօրեայ Քրիստոսի Գալստեան ի Տաճար

14febAll DayՏեառնընդառաջ: Տօն քառասնօրեայ Քրիստոսի Գալստեան ի Տաճար

Տէրունի տօնը կը յիշատակէ 40-օրական Յիսուսին ընծայումը տաճարին:

Ըստ հրէական օրենքին` ամէն արու զաւակի մը ծնունդէն ետք, երբ լրանան սրբագործման 40 օրերը, նորածինին մայրը իր երեխայի հետ տաճար կ՚այցելէ, զոհ կը մատուցէ և իր զաւակի համար օրհնութիւն կը ստանայ քահանայէն: Այսպէս և Սուրբ Աստուածամայրը 40-օրական Յիսուսի հետ կու գայ տաճար: Այս մասին կը յիշատակէ Ս. Ղուկաս Աւետարանիչը: «Երբ որ անոնց սրբագործման օրերը լրացան, Մովսէսի Օրէնքի համաձայն անոր Երուսաղէմ տարին` Տիրոջը ներկայացնելու համար, ինչպէս գրուած էր Տիրոջ Օրենքին մէջ. «Ամեն արու զաւակ, որ արգանդ կը բանայ, Տիրոջ համար սուրբ պիտի կոչուի: Եւ Տիրոջ Օրէնքի մէջ ըսուածին համաձայն՝ ընծայ պէտք է տայ մէկ զոյգ տատրակ կամ աղաւնիի երկու ձագ» (Ղուկ. 2:22-24): Ներկայացնելով Յիսուսի կեանքի այս դրուագը, Ս. Ղուկաս աւետարանիչը կը պատմէ նաև Սիմէոն ծերունիի մասին, որուն համար Սուրբ Հոգին հրամայած էր մահ չտեսնել մինչև Տիրոջ Օծեալին տեսնելը: Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցին Տեառնընդառաջը կամ 40-օրական Յիսուսի ընծայումը տաճարին կը տօնէ Աստուածայայտնութենէն 40 օր յետոյ` Փետրուարի 14-ին: Հայ Եկեղեցիի կանոնին համաձայն տօնին նախօրէին, երեկոյեան ժամերգութենէն յետոյ կը կատարուի նախատօնակ: Ան կ՚աւետէ Տէրունի տօնին սկիզբը: Նախատօնակի արարողութեան աւարտին կը կատարուի անդաստանի արարողութիւն, որուն ընթացքին կ՚օրհնուին աշխարհի չորս ծագերը:

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ Ամենայն Հայոց կաթողիկոսի տնօրինութեամբ արդէն քանի մը տարի է, Տեառնընդառաջի տօնին հայ առաքելական բոլոր եկեղեցիներուն մէջ Սուրբ Պատարագէն յետոյ տեղի կ՚ունենայ նորապսակներու օրհնութեան կարգ: Եթէ Տեառնընդառաջի տօնը համընկնի Մեծ Պահքի շրջանին, ապա Սուրբ Պատարագի ընթացքին եկեղեցիներու սուրբ խորաններուն վարագոյրները կը բացուին:

more

Time

February 14, 2021 All Day(GMT-05:00)