Ըստ Մաղաքիա արք. Օրմանեանին` Միջինք անունը կը տրուի Մեծ Պասը կիսող օրուան, որ տօնական նշանակութիւն չունի: Միջինք է Մեծ Պահքի չորրորդ Չորեքշաբթին կամ 24-րդ օրը: Միջինքէն սկսած` խաղաղական ժամերգութեան ընթացքին կը սկսին երգուիլ Ստեղի շարականները` հաւուր պատշաճի:
Այդ օրը, ըստ ժողովրդական աւանդութեան` հայ տանտիկինները բաղարջ կը թխեն, որուն մէջ մետաղադրամ կը դնեն: Որուն որ բաժին ինայ դրամը, այդ տարի յաջողութիւն կ’ունենայ: