Back

This is a repeating event

Աւագ Հինգշաբթի

01aprAll DayԱւագ Հինգշաբթի

Աւագ Հինգշաբթի օրը պատկերն է արարչութեան հինգերորդ օրուայ, երբ Արարիչը ստեղծեց ձուկերն ու թռչունները: Այս օրը հինգերորդ ժամանակաշրջանի խորհուրդն ունի, երբ Իսրայէլի զաւակները կերան զատկական գառը, մկրտուեցան ամպի ու ծովի մէջ, անապատին մէջ կերան երկինքէն իջած մանանան և ըմպեցին վիմաբուխ աղբիւրէն (Ելք 12, 14, 16, 17):

Աւագ Հինգշաբթի օրը Տէրը Վերնատուն կու գայ, որ Եկեղեցւոյ օրինակն է, այնտեղ կ’ուտէ զատկական գառը, կը լուայ Իր աշակերտներուն ոտքերը, անոնց հաղորդ կը դարձնէ Իր Մարմնին ու Արեանը՝ այսպիսով հաստատելով Ս. Պատարագի խորհուրդը, իսկ գիշերը կ’ելլէ Ձիթենեաց լեռ, Իր աստուածային գլուխը գետին խոնարհելով՝ կ’աղօթէ Հօրը և ապա կը ձերբակալուի (Մատթ. 26:17-46): Տէրը նախ լուաց աշակերտներուն ոտքերը, ապա տուաւ Իր Մարմինն ու Արիւնը՝ կամենալով նախ սրբել անոնց ադամական մեղքէն և յետոյ տալ Ս. Խորհուրդը:

Առաւօտեան եկեղեցիներուն մէջ կը մատուցուի Ս. Պատարագ: Կը կատարուի Ոտնլուայի արարողութիւնը: Քրիստոս վերջին ընթրիքէն ետք, ցուցաբերելով ճշմարիտ հեզութեան ու խոնարհութեան օրինակ, կը լուայ Իր աշակերտներուն ոտքերը: Այդպէս ալ Հայ եկեղեցիէն ներս Տիրոջ այս օրինակով քահանան եկեղեցւոյ խորանին ծնկաչոք կը լուայ 12 մանուկներու կամ եկեղեցւոյ սպասաւորներուն ոտքերը և կ’օծէ օրհնուած իւղով: Աւագ Հինգշաբթի երեկոյեան կը կատարուի Խաւարման կարգ, որ կը վերաբերի Աւագ Ուրբաթին՝ խորհրդանշելով Տիրոջ խաչելութիւնն ու թաղումը: Արարողութեան ընթացքին աւետարանական ընթերցումները կը յիշեցնեն Յիսուսի աղօթքը Գեթսեմանի պարտեզին մէջ, Յիսուսի մատնութիւնը, Անոր անարգուիլը, Պետրոսի ուրանալը:

Աւագ Հինգշաբթի օրը, երբ Տէրը Վերնատան մէջ Իր աշակերտներուն հետ նստիլը կը խորհրդանշէ Քրիստոսի՝ Իր փառքի աթոռին նստիլը Իր տասներկու աշակերտներուն հետ:

more

Time

April 1, 2021 All Day(GMT-05:00)