Back

This is a repeating event

Աւագ Շաբաթ. Ճրագալոյց Զատկի

03aprAll DayԱւագ Շաբաթ. Ճրագալոյց Զատկի

Այս օրը պատկերն ու օրինակն է արարչութեան եօթներորդ օրուայ, երբ Աստուած հանգստացաւ Իր բոլոր գործերէն: Աստուած վեց օրուայ ընթացքին արարեց աշխարհը, իսկ եօթներորդ օրը հանգստացաւ: Անցած օրերուն Աստուած պատուըուեցաւ արարչութեամբ, իսկ այս օրը՝ օրհնութեամբ ու սրբութեամբ:

Մեծախորհուրդ այս Շաբաթ օրը կը յիշատակուի Տիրոջ թաղումը և հանգիստը գերեզմանի մէջ (Մատթ. 27:57-61): Այս օրը Յիսուս մարդկանց հոգիներու չարչարանքներուն տունը՝ դժոխքը աւերեց և բացաւ հանգստեան տունը՝ Դրախտը: Իսկ եօթներորդ ժամանակաշրջանին հասնելուն պէս Տէրը կրկին պիտի գայ և արդարներուն շնորհէ աշխարհի սկզբէն անոնց համար պատրաստուած արքայութիւնը՝ յաւիտենական հանգիստը:

Ըստ եկեղեցական կարգի՝ երեկոյեան ժամերգութենէն ետք կը սկսի նոր օր: Երեկոյեան կը մատուցուի Ճրագալոյցի Ս. Պատարագ, որուն աւարտին կ’ազդարարուի Փրկչի հրաշափառ Յարութեան աւետիսը. «Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց, օրհնեալ է յարութիւնն Քրիստոսի»: Այս աւետիսով կ’աւարտուի Մեծ Պահքը:

Թէև Տիրոջ թաղման յիշատակի օրը Աւագ Շաբաթն է, սակայն թաղման գլխաւոր արարողակարգը կը կատարուի Աւագ Ուրբաթ երեկոյեան: Իսկ Աւագ Շաբաթ օրը երեկոյեան կը կատարուի Ս. Զատկի ճրագալոյցի արարողութիւնը՝ այսպիսով եզրափակելով Տիրոջ չարչարանքներու շաբաթը և աւետելով Անոր Յարութիւնը մեռելներէն:

more

Time

April 3, 2021 All Day(GMT-05:00)