Back

This is a repeating event

Աւագ Ուրբաթ

02aprAll DayԱւագ Ուրբաթ

Աւագ Ուրբաթը կը խորհրդանշէ արարչութեան վեցերորդ օրը, երբ Աստուած հողէն արարեց Ադամին Իր պատկերով ու նմանութեամբ, իսկ յետոյ Անոր կողէն ստեղծեց Եւան և անոնց դրաւ դրախտին մէջ: Ուրբաթ օրը Ադամն ու Եւան կերան արգելուած պտուղը, մերկացան փառքէն, և Տէրը անէծքով պատժելով մարդուն՝ զայն արտաքսեց դրախտէն:

Վեցերորդ ժամանակաշրջանին Աստուած Ս. Կոյսի անարատ արգանդին մէջ դարձաւ կատարեալ Մարդ՝ հոգիով, մտքով ու մարմնով, որպէսզի կատարէ տնօրինական գործերը: Աւագ Ուրբաթ օրը Տէրը Յուդայի մատնութեամբ ձերբակալուեցաւ, ծեծի ու ծաղրի ենթարկուեցաւ և ապա, Իր վրայ վերցնելով Ադամի անէծքն ու դատապարտութիւնը, Խաչի վրայ մեռնելով, բացաւ Իր կողը, և կողէն բխած ջուրով լուաց մարդուն մեղքերը, իսկ բխած արեամբ մեզի գնեց չարի ծառայութենէն (Մատթ. 26:47-27:56): Եւ ինչպէս Ադամի կողէն ստեղծուեցաւ Անոր կինը՝ Եւան, այդպէս ալ Տիրոջ կողէն եղաւ Անոր հարսը՝ Եկեղեցին: Այսօր թեպէտ ուրախութիւն է հոգիներու համար, քանի որ Քրիստոսի չարչարանքներով մեր հոգիները ազատուեցան դժոխքէն, սակայն մարմնապէս սուգ է ու տրտմութիւն:

Աւագ Ուրբաթը Յիսուս Քրիստոսի չարչարանաց, խաչելութեան, մահուան ու թաղման յիշատակութեան օրն է: Այդ օրը տեղի կ՛ունենայ Խաչելութեան կարգ: Երեկոյեան ժամերգութենէն ետք, նախատօնակի արարողութեան ընթացքին կը կատարուի Թաղման կարգ, երբ Յիսուս Քրիստոսի խորհրդանշական գերեզմանը՝ պատրաստուած ծաղիկներէ եւ ծառի ճիւղերէ, կը պտտցնեն եկեղեցւոյ շուրջ՝ ի տես հաւատաւոր ժողովուրդի:

more

Time

April 2, 2021 All Day(GMT-05:00)