Back

This is a repeating event

Ս. Աստուածածինի ծնունդը Աննայէն

08sepAll DayՍ. Աստուածածինի ծնունդը Աննայէն

Ս. Մարիամ Աստուածածինի ծնունդը նկարագրուած չէ Աստուածաշունչ մատեանի մէջ, այն մեզ փոխանցուեր է Եկեղեցւոյ սրբազան աւանդութեամբ: Կոյսի ծնողները` Յովակիմը ու Աննան երկար ժամանակ երեխայ չէին ունեցած, քանի որ վերջինս ամուլ էր: Եւ օր մը, երբ Աննան կ’իջնէ պարտեզ՝ աղօթելու, յանկարծ կը յայտնուի Տիրոջ հրեշտակը և կ’աւետէ, որ զաւակ պիտի ունենայ, որուն երանի պիտի տան բոլոր ազգերը: Աննան գոհութիւն կը յայտնէ Աստուծոյ, որ լսեց իր անդադրում աղօթքները ու կը խոստանայ իր զաւակին Աստուծոյ ընծայել: Նոյն այս տեսիլքը կ’երևի նաև Յովակիմին` յայտնելով բարի լուրը: Ս. Կոյսի հայրը նոյնպէս փառք կու տայ Բարձրեալին՝ այդ մեծ շնորհին արժանանալու համար: Աննան կը յղիանայ, կ’ունենայ աղջիկ մը, որուն կ’անուանեն Մարիամ, այսինքն` լուսաւորեալ: Ան այն ընտրեալն էր, որուն Աստուած իր առաքինութիւններու եւ արժանիքներու շնորհիւ պատուեց ըլլալ Աստուծոյ մայրը: Ս. Կոյսը տառապեցաւ իր Որդու համար, սակայն երբեք չերկնչեց ու չընդդիմացաւ Աստուծոյ` քաջ գիտակցելով Բարձրեալէն իրեն վստահուած առաքելութեան կարևորութիւնը: Հայ Եկեղեցին Աստուածամօր ծննդեան տօնը հաստատուն կերպով կը տօնէ Սեպտեմբեր 8-ին:

more

Time

September 8, 2021 All Day(GMT-04:00)