Back

This is a repeating event

Քրիստոսի Անուանակոչութեան տօն

13janAll DayՔրիստոսի Անուանակոչութեան տօն

Ըստ հրէական օրէնքի` ծնունդին 8-րդ օրը Յիսուս, ինչպէս նորածին ամէն արու զաւակ, թլփատուեցաւ և անուանակոչուեցաւ: Այդ մասին կը վկայէ Ս. Ղուկաս Աւետարանիչը. «Եւ երբ ութ օրերը լրացան, և ան թլփատուեցաւ, անոր անունը Յիսուս դրուեցաւ, ինչպէս հրեշտակի կողմէն կոչուած էր, երբ դեռ չէր յղացուեր մօր որովայնին մէջ» (Ղուկ. 2:21): «Յիսուս» եբրայերէն բառ է, որ կը նշանակէ փրկիչ:

Ս. Գաբրիէլ հրեշտակը, Սուրբ Աստուածամօր աւետելով Աստծոյ Որդու Ծնունդին մասին, պատուիրեց Մանուկին անունը Յիսուս դնել: Այս մասին կրկին կը վկայէ նոյն Աւետարանիչը. «Եւ ահա դուն կը յղիանաս և կը ծնիս որդի մը և անոր անունը Յիսուս կը դնես» (Ղուկ. 1:31): «Յիսուս» անուան զուգահեռ Փրկչին կը տրուի նաև «Քրիստոս» անունը: Ան յունարէն բառ է, որ կը նշանակէ «Օծեալ» և կը համապատասխանէ եբրայերէնի «Մեսիա»-ին: Փրկչին անուանակոչութեան տօնին Հայ Առաքելական բոլոր եկեղեցիներուն մէջ կը մատուցուի Սուրբ Պատարագ, իսկ նախորդ օրը երեկոյեան ժամերգութեան աւարտին կը կատարուի նախատօնակի արարողութիւն:

more

Time

January 13, 2021 All Day(GMT-04:00)