Ըստ Հայ եկեղեցւոյ՝ Սուրբ Ծնունդին նախորդող շաբաթը պահոց շրջան է: Դեկտեմբեր 30-էն մինչև Յունուար 5-ի երեկոյեան մարդիկ պահք կը պահեն: Այդ ընթացքին կ՚օգտագործուի բացառապէս բուսական ծագում ունեցող սնունդ: Սուրբ Ծնունդի տօնը կը սկսի Յունուար 5-ի երեկոյեան և կը շարունակուի կէսգիշերէն ետք:
Յունուար 5-ի երեկոյեան բոլոր եկեղեցիներուն մէջ կը մատուցուի Ճրագալոյցի Սուրբ Պատարագ: «Ճրագալոյց» կը նշանակէ ճրագ՝ մոմ, վառել (լուցանել): Այդ օրը երեկոյեան, մարդիկ եկեղեցին վառած ճրագները իրենց հետ տուն կը տանին: Ան կը խորհրդանշէ աստուածային լոյսն ու օրհնութիւնը: Ճրագալոյցը կը խորհրդանշէ նաև բեթղեհեմեան աստղի լոյսը, որն առաջնորդեց մոգերը դէպի Յիսուս Մանուկը: