This is a repeating eventDecember 9, 2022
Յղութիւն Ս. Աստուածածինի
09decAll DayՅղութիւն Ս. Աստուածածինի
Ս. Աննայի՝ Սուրբ Աստուածածնով յղիութիւնը նկարագրուած չէ Աստուածաշունչ մատեանի մէջ: Այն մեզի փոխանցուեր է Եկեղեցւոյ Սրբազան աւանդութեան շնորհիւ: Սուրբ Կոյսի ծնողները` Ս. Յովակիմն ու Ս. Աննան, երկար ժամանակ երեխայ չէին ունենար,
Ս. Աննայի՝ Սուրբ Աստուածածնով յղիութիւնը նկարագրուած չէ Աստուածաշունչ մատեանի մէջ: Այն մեզի փոխանցուեր է Եկեղեցւոյ Սրբազան աւանդութեան շնորհիւ:
Սուրբ Կոյսի ծնողները` Ս. Յովակիմն ու Ս. Աննան, երկար ժամանակ երեխայ չէին ունենար, քանի որ վերջինս ամուլ էր: Օր մը, երբ Աննան կ’իջնէ պարտէզ՝ աղօթելու, յանկարծ կը յայտնուի Տիրոջ հրեշտակը և կ’աւետէ, որ ինքը զաւակ մը պիտի ունենայ, որուն երանի պիտի տան բոլոր ազգերը: Աննան գոհութիւն կը յայտնէ Աստուծոյ, որ լսեց իր անդադրում աղօթքներու ձայնը ու խղճաց իրեն: Ան կը խոստանայ իր զաւակը Աստուծոյ նուիրել: Նոյն այս տեսիլքը կ’երևի նաև Ս. Յովակիմին` յայտնելով բարի լուրը: Սուրբ Կոյսի հայրը նոյնպէս փառք կու տայ Բարձրեալին այդ մեծ շնորհին արժանանալու համար և իր ընտիր արջառներէն ու ոչխարներէն մատաղ կ’ընէ` բաժանելով աղքատներուն: Բարեպաշտ ծնողներու աղաչանքները լսելի կ’ըլլան և կը ծնի դուստր մը, որուն կ’անուանեն Մարիամ, այսինքն` լուսաւորուած: Ան այն ընտրեալ անօթն էր երկրիս վրայ, որուն Աստուած իր առաքինութիւններու ու արժանիքներու շնորհիւ պատուեց ըլլալ Բանն Աստծու մայրը: Որպէս մայր՝ ան անհանգստացաւ, տառապեցաւ իր Որդիին համար, սակայն երբեք չերկնչեց ու չընդդիմացաւ Աստուծոյ` քաջ գիտակցելով Բարձրեալէն իրեն վստահուած առաքելութեան կարևորութիւնը: Ան առաքինի, հաւատաւոր մօր, ընտանեկան սրբութեան պահապանի մարմնացումն է, որուն որպէս օրինակ պիտի ունենայ ամէն մէկ հայ մայր, ամէն մէկ հայ աղջիկ, որ կը պատրաստուի մայր դառնալ:
Հայ եկեղեցին Ս. Աննայի՝ Սուրբ Աստուածածնով յղութեան տօնը հաստատուն կերպով կը նշէ Դեկտեմբեր 9-ին:
more
Time
December 9, 2021 All Day(GMT-05:00)