Մեծ Պահքի հինգերորդ Կիրակին կը կոչուի Դատաւորի: Այս օրուայ խորհուրդը կը բացատրէ այրի կնոջ և դատաւորի մասին առակը (Ղուկ. 18:1-5): Ըստ առակին, այրի կին մը անընդհատ կը խնդրէ Աստուծմէն չերկնչող և մարդոցմէն չվախցող դատաւորին իր դատը տեսնել: Դատաւորը կնոջմէն ազատուելու համար ստիպուած կը բաւարարէ անոր պահանջը: Այս առակը պատմելէն ետք Քրիստոս կը հաւաստիացնէ բոլորին, որ եթէ անարդար դատաւորը այրի կնոջ դատը տեսաւ, ապա Աստուած առաւել ևս կը կատարէ բոլոր անոնց խնդրանքները, ովքեր միշտ աղօթքով կը խնդրեն:
Առակը կը յորդորէ ամէն ժամ աղօթել, ինչ կը խորհրդանշէ հոգիի մշտական մղումը առ Աստուած, բայց միևնոյն ժամանակ իրական աղօթքի կոչ է: Առակը պատմելէն ետք Քրիստոս կ’ըսէ. «Իսկ երբ մարդու Որդին գայ, արդեօ՞ք երկրի վրայ հաւատ կը գտնէ» (Ղուկ. 18:8): Առակի միջոցով Յիսուս երկրորդ գալստեան գաղափարը կու տայ: Տիրոջ բառերուն մէջ տխրութիւն ու թախիծ կը զգացուի: Փրկիչին համար ցաւալի է, որ շատ մարդիկ կարող են ենթարկուիլ ահեղ դատաստանին` արքայութեան ժառանգորդներ ըլլալու փոխարեն: