Back

This is a repeating event

Տնտեսի Կիրակի

07marAll DayՏնտեսի Կիրակի

Մեծ Պահքի չորրորդ Կիրակին կը կոչուի Տնտեսի՝ ըստ այդ օրուայ խորհուրդը բացատրող անիրաւ տնտեսի առակին: Առակը կը յիշատակէ միայն Ս. Ղուկաս աւետարանիչը: Առակի բովանդակութիւնը հետևեալն է. Մեծահարուստ մը կ’իմանայ, որ տնտեսը կը վատնէ իր ունեցուածքը, կը կանչէ և հաշիւ կը պահանջէ եւ կ՛որոշէ հեռացնել զայն աշխատանքէն: Հասկնալով, որ կարող է անգործ մնալ, տնտեսը խորամանկութեան կը դիմէ: Ան կը կանչէ տիրոջ պարտապանները եւ անոնց կը շնորհէ իրենց պարտքին մէկ մասը: Եւ այս ամէնէն վերջ տէրը կը գովէ տնտեսը իր հնարամտութեան համար: Առաջին հայացքէն կը թուայ, թէ հակասութիւն կայ այս գովեստին մէջ: Բայց անիրաւ տնտեսը պարտապաններուն կը շնորհէ այն, ինչ որ իր օգուտին համար աւելիով գրեր էր. պարտքի շնորհումով ան իր տիրոջը ոչ մէկ վնաս կը պատճառէր: Տէրը կը գովէ տնտեսը` ըսելով թէ որքան երանելի կ’ըլլանք, եթէ նոյն ժրաջանութիւնը, որ կը դրսևորենք մեր նիւթական կարիքներու բաւարարման համար, ցուցաբերենք նաեւ մեր հոգևոր կարիքներուն համար:

more

Time

March 7, 2021 All Day(GMT-05:00)