Ընդհանրական Եկեղեցիի առջև պատմութեան տարբեր ժամանակահատուածներու ընթացքին ծառայեր են դաւանաբանական, վարդապետական, վարչակազմակերպչական խնդիրներ, որոնց պատասխանները տրուեր են սրբագումար տիեզերական ժողովներու ընթացքին: Այդպիսի ժողովներէն էր նաև 381 թուականին Թէոդոսիոս կայսրի հրամանով գումարուած Կ. Պոլսի Բ տիեզերաժողովը:
Արիոսական վէճերու արդիւնքով յայտնուեր էր նոր հերետիկոսութիւն մը` գլուխ և պաշտպան ունենալով Կ. Պոլսի Մակեդոն արքեպիսկոպոսին, ով կը մերժէր Սուրբ Հոգիի Աստուածութիւնը: Սոյն խնդիրով գումարուած վերոյիշեալ տիեզերաժողովը կը վերահաստատէ Նիկիայի ժողովի ընթացքին ընդունուած դաւանութիւնը և ապա կը պաշտպանէ Սուրբ Հոգիի Աստուածութեան վարդապետութիւնը` որդեգրելով «մէկ Աստուածութիւն, երեք անձինք» բանաձևը: Ընդունելով սոյն տիեզերաժողովը` Հայ Եկեղեցին կը նշէ ժողովին մասնակից 150 սուրբ հայրապետներուն յիշատակութեան օրը: