Back

Հանդիպում Գանատայի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպանի հետ

21 Յունիս 2019-ին, Գանատահայոց Թեմի բարեխնամ Առաջնորդ Գերշ. Տ. Աբգար եպս. Յովակիմեանի գլխաւորութեամբ, Հայ համայնքէն պատուիրակութիւն մը այցելեց Գանատայի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութիւնը, հանդիպելու եւ բարի գալուստ մաղթելու Գանատայի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան նշանակուած Վսեմաշուք Տիկին Անահիտ Յարութիւնեանին:

Պատուիրակութիւնը բաղկացած էր Մոնթրէալի, Լաւալի եւ Օթթաուայի ծուխերու հոգեւոր հովիւներէ, Հայ համայնքի ու հայկական կազմակերպութիւններու՝ Թէքէեան Մշակութային Միութեան, Ապագայ շաբաթաթերթի, Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան, Սոցեալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան եւ Պոլսահայ Միութեան ներկայացուցիչներէ: