Մայիս 26, 2019-ին, Օթթաուայի Սուրբ Մեսրոպ Հայց. Առաք. եկեղեցւոյ 40-ամեակի առթիւ, եկեղեցւոյս Սուրբ Սեղանին, Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ մատուցանեց՝ Գանատահայոց Թեմի բարեխնամ Առաջնորդ Գերաշնորհ Տէր Աբգար եպիսկոպոս Յովակիմեանը, իրեն առընթերակայ ունենալով Օթթուայի Սուրբ Մեսրոպ Հայց. Առաք. եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժանապատիւ Տէր Հայարի քահանայ Թանաշեանն ու բարեշնորհ սարկաւագները:
Տօնական այս առիթով, յաւարտ Սուրբ Պատարագի, տեղի ունեցաւ ընդունելութիւն մը, կազմակերպութեամբ՝ եկեղեցւոյս Ծխական Խորհուրդի: