Back

Սուրբ Մեսրոպ Եկեղեցւոյ 40-Ամեակի Առիթով Տօնակատարութիւն

24-էն 26 Մայիս, 2019-ին, երկրի մայրաքաղաք Օթթաուայի մէջ տեղի ունեցաւ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ Գանատահայոց Թեմի 36-րդ տարեկան Թեմական ժողովը, հիւրընկալութեամբ՝ Օթթաուայի Սուրբ Մեսրոպ Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ: Ժողովը հոյակապ առիթ մըն էր անդրադառնալու Թեմի պատմութեան, անոր ձեռքբերումները յիշատակելու եւ յառաջիկայի նպատակները դնելու:

Շաբաթավերջի օրերու հաւաքոյթը առաւելաբար առանձնայատուկ էր, քանի որ այդ միջոցին տեղի ունեցաւ նաեւ Օթթուայի Սուրբ Մեսրոպ Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ ծուխի 40-ամեակի տօնակատարութիւնը:

Մայիս 25-ին, «Hellenic Reception Hall» դահլիճի մէջ, տեղի ունեցաւ բացառիկ խանդավառութեամբ ճաշկերոյթ-խնճոյք մը՝ յաւուր պատշաճի առիթը նշելու: Ծուխի շնորհալի երիտասարդուհիներէն՝ Լիլիթ Գասպարեանը, ի պատիւ այս առիթին, իւղաներկ նկարներու իր հաւաքածուի ցուցահանդէսով ճոխացուց մթնոլորտը:

Ծուխի հաւատաւորներու եւ Օթթա-Հայ համայնքի անդամներու ջանքերով, երեկոյին ներկայ գտնուողները՝ մշակութային եւ գեղարուեստական երանգներով ճոխ յայտագիր մը վայելեցին:

Երեկոյի յայտագիրը սկսաւ Սուրբ Մեսրոպ Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ դպրաց դասի երգչախումբի՝ Կոմիտաս վարդապետի «Ամէն Հայի Սրտից» եւ «Սուրբ Սուրբ» հիանալի կատարումներով:

Ապա, տեղի ունեցաւ Տնօրհնէքի արարողութեան հիմնական տարրերու ներկայացումը, գոյնզգոյն ազգային տարազներ հագուած Ծուխի Երիտասարդներու կատարմամբ: Գերաշնորհ Տ. Աբգար եպս. Յովակիմեանն ու Սուրբ Մեսրոպ Հայց. Առաք. եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժանապատիւ Տ. Հայարի քահանայ Թանաշեանը օրհնեցին իւրաքանչիւր երիտասարդի ներկայացուցած տարրը՝ 

1. Հացը՝ Աստուծոյ Խօսքը, որ կեանք կը պարգեւէ բոլոր անոնց որոնք զայն կը համտեսեն:

2. Աղը, որ մեր ուտելիքի համը կու տայ: Աղը նաեւ կը խորհրդանշէ մարդ արարածը՝ երկրաւոր կեանքի ընթացքին իր կատարած գործերով եւ խօսքերով:

3. Ջուրը՝ կեանքի էական տարրը, որ մաքրութեան խորհրդանիշն է: Մկրտութեան ջուրի միջոցով մենք կը մաքրուինք եւ վերակենդանանանք Քրիստոսի մէջ, կը միաւորուինք Աստուծոյ հետ:

4. Մեր միջոցառմամբ, որ տօնական բնոյթ կը կրէ, խնդրեցինք նաեւ գինիի օրհնութիւնը, որ կը խորհրդանշէ Տեառն մերոյ Փրկիչ Յիսուս Քրիստոսի սուրբ արեան եւ պտուղներու օրհնութիւն, որպէս Աստուծոյ կողմէն մարդուն տրուած բերքի առատութեան խորհրդանիշ: 

Այնուհետեւ, մեր ծուխի սիրուած անդամ՝ Դաւիթ Բաքյուզն ու Մոնթրէալէն հռչակաւոր արուեստագէտ՝ Շուշանիկ Մելքոնեանը, երեկոն զարդարեցին իրենց ջութակի ընկերակցութեամբ հայկական բանաստեղծութիւններով հիւսուած հմայիչ ներկայացումով: Երեկոն եզրափակուեցաւ ներկաներուն սրտերը խանդավառող՝ Օթթուայի նորելուկ «Նորայգ» հայկական պարախումբի, «Պարմանի» պարով, պարուսոյց Աննա Պետրոսեանի ղեկավարութեամբ: Պարմանի պարը, որ ինքնուրոյն բացառիկ գեղեցիկ պար է, սակայն այս անգամ արտակարգ սքանչելի էր, որովհետեւ պարախումբիս առաջին կատարումն էր: