Back

Գանատայի Վարչապետի այցը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին

13 Հոկտեմբեր 2018-ին, Գանատայի Վսեմաշուք Վարչապետ Ճասթին Թրիւտօն եւ Գանատայի զբօսաշրջութեան, պաշտօնական լեզուներու եւ ֆրանքոֆոնիի նախարար Մելանի Ժոլին, այցելեցին համայն Հայութեան հոգեւոր կեդրոն Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը եւ հանդիպեցաւ Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ Կաթողիկոսի հետ։

9 Հոկտեմբեր 2018-ին, Գանատահայոց Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Աբգար Եպս. Յովակիմեանը, ուղեկցութեամբ Թեմական Խորհուրդի ատենապետ՝ Տիար Օհան Օհաննեսեանին մեկնեցաւ Հայաստան՝ Ֆրանսախօս Երկիրներու Միջազգային Կազմակերպութեան 17-րդ Վեհաժողովին եւ Մայրաքաղաք Երեւանի 2800-ամեակի նուիրուած միջոցառումներուն մասնակցելու համար։