Ծխական Խորհուրդ
Ծխական Խորհուրդը այն Գործադիր յանձնախումբն է, որ իր ուսերուն կը կրէ Օթթաուայի ծուխի աշխարհիկ ծառայութեան պաշտօնը: Յանձնախումբի անդամները, Պատարագի մատուցման հերթական կարգը կը կազմակերպեն ինչպէս նաեւ ծուխի ֆինանսական, կառոյցի ու յարակից հողերու հարցերը կը կարգաւորեն: Ծխական Խորհուրդը նաեւ անբասիր աշխատանք կը տանի` համայնքային կեանքը խթանելու ուղղութեամբ` մշակութային եւ հասարակական միջոցառումներ կազմակերպելով, որպէսզի հայ համայնքի անդամներուն առիթ ընծայուի իրար հետ տեսնուելու եւ առնչութիւն ունենալու, սոյն միջոցառումները տեղի կ’ունենան ինքնուրոյն, կամ Օթթաուայի հայկական համայնքի այլ կազմակերպութիւններներուն հետ համագործակցելով: Ծխական Խորհուրդի անդամներն են՝
Ժան Ֆիլիփ Թաշճեան
Ատենապետ
Արման Պէքմէզեան
Փոխատենապետ
Թամարա Ափոեան
Գանձապահ
Հուռի Համբոեան
Ատենադպիր
Պաուլո Պագումեան
Խորհրդական
Յարութ Ճակալեան
Խորհրդական
