Ս. Կոյս Մարիամին նուիրուած տօներէն է երեքամյա Ս. Աստուածածնի տաճարին ընծայման տօնը, որ բոլոր քրիստոնէական եկեղեցիները կը տօնեն Նոյեմբեր 21-ին: Ըստ աւանդութեան, երեք տարին լրանալէ ետք, Տիրամօր աստուածավախ ու բարեպաշտ ծնողները` Յովակիմն ու Աննան, իրենց ուխտի համաձայն, Մարիամին կ’ընծայեն տաճար, ուր ան կը մնայ մինչև նշանուիլը:
Աստուածածնի ընծայման տօնը Հայ Եկեղեցի մտեր է ԺԸ դարին: Երեքամեայ Ս. Աստուածածնի տաճար ընծայման տօնը Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ անշարժ տօներէն է: